image

Փութին անմիջական շփում ունեցաւ Մայիսեան զօրահանդէսի մասնակիցներուն հետ

Փութին անմիջական շփում ունեցաւ Մայիսեան զօրահանդէսի մասնակիցներուն հետ

Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերան Մարիա Ֆաուսթովան պատմած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ զրոյցի մասին, որ տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ կայացած Յաղթանակի շքերթի աւարտէն ետք:

 «Հարցուց, թէ ուր կռուած եմ, ուր եղած են: Ըսի, որ եղած եմ Ստալինկրատ, ռատիոաշխատակից»,- ըսած է վեթերանը:  

 Անոր խօսքով՝ Փութինը հետաքրքրուած է նաեւ իր գործերով, թէ ինչպէս կ'ապրի ներկայ պահուն:

 Յիշեցնենք, որ ՌԴ մայրաքաղաքին մէջ Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի 76-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառման մասնակցած է աւելի քան 12 հազար զինծառայող: Արարողութենէն ետք նախագահն, աւանդոյթի համաձայն, յարգած է զոհուածներու յիշատակն ու ծաղկեպսակներ դրած Անյայտ զինուորի գերեզմանին, Քրեմլի մօտակայքը: