Աշխատանքային այցով Յունաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը 14 մարտին այցելած է Աթէնքի «Ճենազեան» եւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» հայկական վարժարաններ, ուր հանդիպած է ուսուցիչներու եւ սաներու հետ։
Նոյն օրը ԱԳ նախարարը այցելած է Նէազմիրնիայի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան եւ յարգանքի տուրք մատուցած Եղեռնի զոհերու յիշատակին։

Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ հանդիպում ունեցած է Նէազմիրնիայի քաղաքապետ Սթաւրոս Ցուլակիսի հետ։ Վերջինս քաղաքապետարանի եւ անձամբ իր անունով աջակցութիւն յայտնած է Արցախի ժողովուրդին։ Հանդիպման քննարկուած են Նէազմիրնիայի հետ տարբեր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները։ Կարէն Միրզոյեան հրաւիրած է Սթաւրոս Ցուլակիսին այցելել Արցախ։
Կայացած է նաեւ ԱԳ նախարարի այցելութըւնը «Խաձիկիրիակօ» բարեգործական հիմնադրամ։ Կարէն Միրզոյեան բարձր գնահատած է հիմնադրամի գործունէութիւնը, որու աջակցութեամբ աւելի քան երկու տասնամեակ շարունակ կը կազմակերպուին արցախցի երեխաներու ճանաչողական այցերը դէպի Յունաստան։