image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ ղեկավարի այցը Յունաստան կը շարունակուի

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ ղեկավարի այցը Յունաստան կը շարունակուի

Աշխատանքային այցով Յունաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը 14 մարտին  այցելած է Աթէնքի «Ճենազեան» եւ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» հայկական վարժարաններ, ուր հանդիպած է ուսուցիչներու եւ սաներու հետ։


Նոյն օրը ԱԳ նախարարը այցելած է Նէազմիրնիայի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան եւ յարգանքի տուրք մատուցած Եղեռնի զոհերու յիշատակին։

 



Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ հանդիպում ունեցած է Նէազմիրնիայի քաղաքապետ Սթաւրոս Ցուլակիսի հետ։ Վերջինս քաղաքապետարանի եւ անձամբ իր անունով աջակցութիւն յայտնած է Արցախի ժողովուրդին։ Հանդիպման քննարկուած են Նէազմիրնիայի հետ տարբեր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները։ Կարէն Միրզոյեան հրաւիրած է Սթաւրոս Ցուլակիսին այցելել Արցախ։


Կայացած է նաեւ ԱԳ նախարարի այցելութըւնը «Խաձիկիրիակօ» բարեգործական հիմնադրամ։ Կարէն Միրզոյեան բարձր գնահատած է հիմնադրամի գործունէութիւնը, որու աջակցութեամբ աւելի քան երկու տասնամեակ շարունակ կը կազմակերպուին արցախցի երեխաներու ճանաչողական այցերը դէպի Յունաստան։