image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկայի կողմէ Արցախին տրամադրուելիք օժանդակութիւնը՝ վտանգուած. ANCA-ն քայլեր կը ձեռնարկէ

Ամերիկայի կողմէ Արցախին տրամադրուելիք օժանդակութիւնը՝ վտանգուած. ANCA-ն քայլեր կը ձեռնարկէ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ստացած է մտահոգիչ հաղորդագրութիւններ, որ ԱՄՆը երկու ամիսէն, մտադիր է դադրեցնել Արցախի տրամադրած ֆինանսական  աջակցութիւնը, որ նախաապէս սահմանուած ու հաստատուած էր Քոնկրեսի կողմէն:

Նշենք որ, ԱՄՆի 2020 թուականի օտար երկրներուն տրամադրուելիք նիւթական աջակցութեան ծիրէն ներս,  հաստատուած էր USAID-ի կողմէ Արցախին տրամադրուելիք աջակցութիւնը:

Աջակցութեան վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը, ԱՄՆի օտար երկրներուն տրամադրուելիք նիւթական աջակցութեան ծիրէն ներս, առաջին անգամ ներառուած էր 1998ին Քալիֆոռնիա նահանգի դեմոկրատ քոնկրեսական Պրետ Շերմանի ջանքերով, իսկ յաջորդ նիւթական տարուայ համար,  ներառումն ապահոված էր դեմոկրատ քոնկրեսական Թի Քոքսը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ձեռնարկած է արշաւ մը, ուր կը խնդրէ ամերիկաբնակ հայերէն, զանգով աջակցիլ երկու Քոնկրեսականներու նամակին, ուղղուած USAID-ին, աջակցութեան ծրագիրը շարունակելու պահանջով:

Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի տնօրէն՝ Սուրէն Սարգսեան տեղեկացուցած է թէ ԱՄՆի կառավարութիւնը կը նախատեսէ կրճատել Արցախի տրամադրուիլիք օգնութիւնը, որ պիտի ծառայէր Ականապատուած տարածքներու ականազերծման:

«Այս USAID-ի կողմէ ֆինանսաւորուող ծրագիր մըն է, որու դադարեցումը լուրջ քաղաքական նամակ մըն է։ Կոչ կ'ուղղեմ  ամերիկաբնակ ընկերներուս միանալ Հայ Դատի գրասենեակի կազմակերպած արշաւին: Կրկին կը զգուշացնեմ որ լուրջ քաղաքական հետեւանքներ կրնայ ունենալ՝ քաղաքական եւ իրաւական նախադէպ մը՝ որու  հետեւանքները բոլորս ալ գիտենք:

Նշենք որ ԱՄՆը աշխարհի միակ պետութիւնն է ՀՀ-է յետոյ, որ չճանչնալով Արցախի անկախութիւնը ուղիղ նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ Ստեփանակերտին»,-գրած է Սուրէն Սարգսեանը: