image

Ատամ Շիֆ խօսած է Հայաստանին տրամադրուելիք օժանդակութեանց մասին

Ատամ Շիֆ խօսած է Հայաստանին տրամադրուելիք օժանդակութեանց մասին

 

ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆը, որ Քոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնաժողովի համանախագահն է, յայտնած է, որ Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յատկացումներու 2022 ֆինանսական տարուան ծախսերու մասին օրինագիծին մէջ ներառուած է Հայաստանին եւ Արցախին կայուն ֆինանսաւորման հարցը:

 

«Աւերիչ հակամարտութեան եւ անհաւանական տառապանքին յաջորդող տարուան մենք յաջողեցանք Հայաստանի եւ Արցախի համար աւելի քան 52 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում ներառել Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յատկացումներու մասին օրինագծին մէջ: Այս կայուն ներդրումը պիտի աջակցի ժողովրդավարական, տնտեսական եւ ուժանիւթի բարեփոխումներու իրականացման Հայաստանի մէջ եւ առաջին անհրաժեշտութեան մարդասիրական օգնութիւն պիտի ապահովէ Արցախին»,- ըսուած է Ատամ Շիֆի յայտարարութեան մէջ:

Վերջինս աւելցուցած է, որ դեռ ընելիք շատ կայ: «Մենք պէտք է շարունակենք յորդորել Պայտընի վարչակազմին ձեռնարկել բոլոր հնարաւոր քայլերը՝ Ատրպէյճանի յարձակման վերջ դնելու եւ հայ կալանաւորները եւ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելու ուղղութեամբ, որոնցմէ շատերը կտտանքներու ենթարկուած են, որ կը խախտէ մարդու իրաւունքներու մասին միջազգային համաձայնութիւնները: Մենք պէտք է յորդորենք նախագահ Պայտընին հրաժարիլ Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի ռեժիմին օգնութիւն տրամադրելէ, որ կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել մարդու իրաւունքներն ու սպառնալ Հայաստանի անկախութեան: Միշտ կանգնած եմ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի կողքին»,- շեշտած է քոնկրեսականը: