Կայացած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հեռախօսազրոյցը:
Կողմերն անդրադարձած են Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի խորացման, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ատրպէյճանական զօրքերու կուտակման, Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանին լարուածութեան աճի միտումներուն:
Վարչապետ Փաշինեան անգամ մը եւս ընդգծած է հաւատարմութիւնը՝ բոլոր հարցերը բացառապէս դիւանագիտական ճանապարհով ու կառուցողական մթնոլորտի մէջ կարգաւորելու մօտեցումներուն՝ հիմք ընդունելով 2022 թուականի 6 հոկտեմբերին Փրակայի եւ 2023 թուականի 14 մայիսին Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։
Էնթընի Պլինքըն կարեւորած է երկխօսութեամբ եւ խաղաղ դիւանագիտական ճանապարհով բոլոր հարցերու լուծումը, նշած, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ գործուն ջանքերն այդ ուղղութեամբ:
ՀՀ վարչապետը եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը անթոյլատրելի համարած են իրավիճակի սրումը՝ ընդգծելով տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է, որ այդ նպատակով պատրաստ է հրատապ քննարկումներ ունենալու Ատրպէյճանի նախագահին հետ: