Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նշած է, որ երկիրը կը հանդիսանայ այն կարեւոր հանգոյցը, որ փոխադրական հասանելիութեան առումով զիրար կը կապէ Եւրոպան, Սեւ ծովը, Կովկասը եւ Կեդրոնական Ասիան։
«Թուրքիոյ կեդրոնական դերը, անշուշտ, կը գնահատեն բոլորը։ Մենք պէտք է ստանձնենք այդ դերին համարժէք պատասխանատուութիւն՝ թէ՛ լուծումներ առաջարկելով, թէ՛ օրինակ ծառայելով», յաւելած է ան Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց խորհուրդի ծիրէն ներս կայացած՝ միջտարածաշրջանային անվտանգութեան եւ փոխկապակցուածութեան հարցերուն նուիրուած նախարարական երկրորդ հանդիպումէն ետք։
Ֆիտան ընդգծած է հանդիպման կարեւորութիւնը՝ անոր օրակարգի եւ արդիւնքներոն տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ փոխկապակցուածութեան հարցերով ոչ միայն ռազմավարութիւններ մշակելու, այլեւ զանոնք իրականացնելու ուղղութեամբ գործնական քայլերու դիմելու անհրաժեշտութիւնը։
Ան յայտնած է, որ հանդիպման ընթացքին ԵՄ անդամ երկիրներու, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ քննարկած են, թէ ինչպէս կարելի է հաղորդակցութեան համակարգեր հաստատել այդ տարածաշրջաններուն մէջ եւ անոնց սահմաններէն դուրս, ինչպէս նաեւ առեւտուրը, ուժանիւթը եւ տուեալներու փոխանցումը դարձնել աւելի արդիւնաւէտ ու անխափան։
Ֆիտան յայտնած է, որ քննարկումները կեդրոնացած էին փոխադրական հասանելիութիւնը բարելաւելու ուղիներու վրայ՝ նկատի ունենալով Հորմուզի եւ Պապ ալ-Մանտէպի նեղուցներուն, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովուն մէջ պատերազմներու եւ ճգնաժամերու հետեւանքով յառաջացած խնդիրներէն քաղուելիք դասերը։ Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան Միջին միջանցքի երթուղիին երկայնքով կեդրոնական դիրք կը գրաւէ Եւրոպայի, Սեւ ծովու, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ համար։