Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերը։ Այս մասին հաղորդած է A Haber-ը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութեան վարչութիւնը։
Էրտողան վստահութիւն յայտնած է, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի համագործակցութիւնը պիտի ընդլայնուի, եւ յայտարարած է երկկողմ կապերը ամրապնդելու ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու իր մտադրութեան մասին։
Առաջնորդները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ լարուածութեան։ Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է առճակատումը դադրեցնելու եւ տարակարծութիւնները դիւանագիտական միջոցներով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը։ Անոր համաձայն՝ Թուրքիա պիտի շարունակէ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ իր ջանքերը։
Անդրադառնալով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմին՝ Էրտողան յոյս յայտնած է, որ դիւանագիտական ջանքերու աշխուժացումը դրական արդիւնքներ պիտի ապահովէ։ Ան վերահաստատած է խաղաղ գործընթացին աջակցելու Անգարայի պատրաստակամութիւնը եւ ընդգծած թէ՛ Քիեւի, թէ՛ Մոսկուայի հետ շփումները ընդլայնելու կարեւորութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին Էրտողան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Թրամփին՝ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին ցուցաբերած աջակցութեան համար։