image
Հրատապ լուրեր:

Հնդկաստան. Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու կապերը ամրապնդող կարեւոր առաքելական այցելութիւն

Հնդկաստան. Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու կապերը ամրապնդող կարեւոր առաքելական այցելութիւն

 

Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ պատմական բարեկամութեան եւ եղբայրական կապերու ամրապնդման ծիրէն ներս, Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցած են կարեւոր եկեղեցական հանդիսութիւններ, որոնց մասնակցութիւն բերած են նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։

Այս փառաշուք արարողութիւններուն եւ դէպի Հնդկաստան կատարուած առաքելական այցելութեան մասնակից դարձած են Եգիպտոսի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Արքեպիսկոպոս Մնացականեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան։

Երկու Սրբազան Հայրերն ալ արժանացած են առանձնայատուկ յարգանքի եւ ջերմ ընդունելութեան՝ իրենց ներկայութեամբ անգամ մը եւս նպաստելով Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացման եւ կապերու ամրապնդման։

Մալանքարայի Ս. Գրիգոր Գէորգիոսի յիշատակին նուիրուած տարուան բացումը

14 Նոյեմբեր 2026-ին, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գահակալ Պատրիարք Ն.Ս.Տ.Տ. Մորան Մոր Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը, Հնդկաստանի Մուլանթուրութի շրջանի Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս բացումը կատարած է Մալանքարայի Մոր Գրիգոր Գէորգիոսի 125-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի տարուան։

Արարողութեան եւ աղօթքի ներկայ գտնուած են Հնդկաստանի Կաթողիկոս Ն.Բ.Տ. Մոր Բազիլիոս Յովսէփը, արքեպիսկոպոսներ եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Ներկայ եղած է նաեւ Ալ-Քուսիա եւ Մէյրի եպիսկոպոս Գերշ. Տ. Անպա Թովմասը՝ Եգիպտոսի Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պապ Ն.Ս.Տ.Տ. Թաուադրոս Բ.-ի ներկայացուցիչի հանգամանքով։

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով ներկայ եղած են Գերշ. Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, եւ Գերշ. Տ. Աշոտ Արքեպիսկոպոս Մնացականեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ։

Այս այցելութիւնն ու մասնակցութիւնը կը վկայեն, որ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները կը պահպանեն իրենց կարեւորութիւնը ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ համահայկական եւ միջեկեղեցական համագործակցութեան տեսանկիւնէն։