image

Միացեալ Նահանգներու մէջ կրակած են երեք պաղեստինցիի վրայ. Կրակողը ձերբակալուած

Միացեալ Նահանգներու մէջ կրակած են երեք պաղեստինցիի վրայ. Կրակողը ձերբակալուած

Միացեալ Նահանգներու Վերմոնթ քաղաքի համալսարանի շէնքի մօտ կրակած են երեք երիտասարդ պաղեստինցիի վրայ, յայտնած է Aljazeera-ն։

Վիրաւորները՝ Հիշամ Աուարտանին, Քիննան Ապտոլ Համիտը եւ Թահսին Ահմետը, կ՚ուսանին Միացեալ Նահանգներու երեք տարբեր համալսարաններու մէջ։

Ըստ Ամերիկա-արաբական հակախտրական կոմիտէի՝ վիրաւորներէն երկուքը կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, իսկ մէկը պէտք է դուրս գրուի:

 Ի դէպ, արաբական լրատուամիջոցներ աւելի ուշ գրած էին, որ պաղեստինցիներուն վրայ կրակ բացած  յանցագործը ձերբակալուած է։

Յարձակման դրդապատճառն անյայտ է։