Պատերազմի վերսկսման պարագային, Իրանը նորագոյն եւ արդիական զէնքերու գործածութեամբ ջախջախիչ հարուածներ պիտի հասցնէ ԱՄՆ-ին։ Նման նախազգուշացումով հանդէս եկած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսէն Ռեզային, կը հաղորդէ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը։
Ըստ անոր՝ Թեհրան կը շարունակէ պատրաստակամ մնալ դիւանագիտական կարգաւորման, եթէ կատարուին իրանական կողմին առաջադրած եօթը պայմանները։ Սակայն երկրի դէմ որեւէ յարձակում պիտի արժանանայ խիստ հակազդեցութեան։
«Եթէ մեր երկրին դէմ որեւէ գործողութիւն ձեռնարկուի, նոր զէնքերու գործածութեամբ ջախջախիչ հարուածներ պիտի հասցնենք յարձակողին»,– յայտարարած է Ռեզային՝ վկայակոչելով Իրանի գերագոյն առաջնորդ Մոժթապա Խամենէիի՝ զինուած ուժերուն տուած հրահանգը։
Աւելի վաղ, բարձրագոյն զինուորական հրամանատարութեան հետ հանդիպման ընթացքին, Խամենէի ընդգծած էր մարտական պատրաստուածութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը՝ զսպման առաւելագոյն մակարդակ ապահովելու համար։ Ան հրահանգած էր անմիջական եւ արդիւնաւէտ հակազդեցութիւն ցուցաբերել որեւէ սպառնալիքի պարագային՝ անկախ անոր բնոյթէն եւ մակարդակէն, առանց սահմանափակուելու որոշակի աշխարհագրական գօտիով։
Բացի այդ, գերագոյն առաջնորդը յանձնարարած է թարմացնել ռազմական թիրախներու տուեալներու շտեմարանը՝ ներառելով անոր մէջ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի բոլոր նիւթական եւ ոչ նիւթական միջոցները, որոնք, իրանական կողմի յայտարարութիւններուն համաձայն, կրնան դառնալ Իրանի զինուած ուժերու գործողութիւններուն թիրախը։