Հակառակ ձեռնարկուած նախազգուշական միջոցներուն, արգելքներուն եւ ոստիկանութեան ուժերու յաւելեալ ներկայութեան՝ Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցերը վերածուած են բուռն բախումներու։
Ֆրանսայի մէջ Հոկտեմբեր 24-ի անկարգութիւններէն ետք բերման ենթարկուած է աւելի քան 1,300 անձ, կը հաղորդէ «Լը Ֆիկարօ»ն՝ վկայակոչելով երկրի Ներքին գործոց նախարարութիւնը։ Ըստ նախարարութեան տուեալներուն՝ երկրին մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերու ընթացքին ընդհանուր առմամբ բերման ենթարկուած է 1,314 անձ։
Իտալիոյ մէջ կեանքի սղութեան, վառելանիւթի գիներու բարձրացման, սպառազինութիւններու յաւելման, ինչպէս նաեւ Ճորճիա Մելոնիի կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ բողոքի ցոյցերը յանգեցուցած են շուրջ 400 անձերու ձերբակալութեան, որոնցմէ 110-ը անչափահասներ են, կը հաղորդէ AFP լրատուական գործակալութիւնը։
Հռոմի մէջ երիտասարդներու բողոքի երթին մասնակիցները քանի մը անգամ փորձած են ճեղքել Հանրապետութեան հրապարակին (Piazza della Repubblica) վրայ տեղակայուած ոստիկանական պատնէշը։