Միացեալ Նահանգներու Վերմոնթ քաղաքի համալսարանի շէնքի մօտ կրակած են երեք երիտասարդ պաղեստինցիի վրայ, յայտնած է Aljazeera-ն։
Վիրաւորները՝ Հիշամ Աուարտանին, Քիննան Ապտոլ Համիտը եւ Թահսին Ահմետը, կ՚ուսանին Միացեալ Նահանգներու երեք տարբեր համալսարաններու մէջ։
Ըստ Ամերիկա-արաբական հակախտրական կոմիտէի՝ վիրաւորներէն երկուքը կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, իսկ մէկը պէտք է դուրս գրուի:
Ի դէպ, արաբական լրատուամիջոցներ աւելի ուշ գրած էին, որ պաղեստինցիներուն վրայ կրակ բացած յանցագործը ձերբակալուած է։
Յարձակման դրդապատճառն անյայտ է։