Իրաքի Անկախ բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, որու համաձայն ընտրութիւններուն յաղթած է վարչապետ Մոհամմատ Շիաա Սուտանիի ղեկավարած «Վերակառուցում եւ զարգացում» դաշինքը: Այս մասին յայտնած է Իրաքի լրատուական գործակալութիւնը (INA):
Վարչապետ Սուտանին հաստատած է կառավարութիւն ձեւաւորելու համար խորհրդակցութիւններ սկսելու պատրաստակամութիւնը։
«Մենք անմիջապէս պիտի սկսինք բանակցութիւններ՝ ձեռնհաս կառավարութիւն ձեւաւորելու համար»,-ըսած է ան՝ ընգծելով, որ իր դաշինքը բաց է բոլոր կողմերու համար՝ առանց բացառութեան։ Միեւնոյն ժամանակ ան խոստացած է հաշուի առնել բոլորի շահերը, այդ շարքին՝ անոնց, որոնք պոյքոթած են ընտրութիւնները։
Պաղտատի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին Անկախ բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողովը յայտարարած է, որ քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է միջազգային չափանիշներուն համապատասխան՝ աւելցնելով, որ նախնական արդիւնքները բողոքարկման ենթակայ չեն։
Յանձնաժողովը աւելի վաղ յայտարարած էր որ ընտրատեղամասերու 99.98%-էն տուեալներով՝ ընտրողներու մասնակցութիւնը կազմած է 56.11%։
Deutsche Welle-ի հաղորդմամբ վարչապետի ղեկավարած դաշինքը հաւաքած է աւելի քան 1,3 միլիոն ձայն, իսկ Քիւրտստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը գրաւած է երկրորդ տեղը՝ աւելի քան 1 միլիոն ձայնով։ Իրաքի խորհրդարանի նախկին խօսնակ Մոհամմեատ ալ-Հալպուսիի գլխաւորած սուննիական «Առաջընթաց» դաշինքը գրաւած է երրորդ տեղը՝ մօտ 945000 ձայնով։
46 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Իրաքի մէջ ընտրելու իրաւունք ունի 21 միլիոն մարդ։
Մոհամմատ Սուտանին կ՚ուզէ երկրորդ ժամկէտով մնալ վարչապետ, սակայն փորձագէտները կը կարծեն, որ անոր հնարաւորութիւնները փոքր են, քանի որ դաշինքը բաժանուած է։ Իրաքի նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու բանակցութիւնները կրնան տեւել շաբաթներ կամ նոյնիսկ ամիսներ։