Եթովպիոյ վարչապետ Ապիյ Ահմետ զինուորական պատրաստութեան վարժանքներ կազմակերպած է կառավարութեան անդամներու եւ պետական այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու համար։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC News-ը։
Անոր համաձայն՝ բանակային կարգապահութիւնը պիտի նպաստէ ղեկավարներու առաջնորդական յատկանիշներու ամրապնդման եւ երկրի զարգացման արագացման։
Վարչապետին կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւի, թէ ինչպէս ան Հուրսոյի ուսումնական կեդրոնին մէջ նախարարներու, անոնց տեղակալներու եւ պետական հաստատութիւններու ղեկավարներու հետ կը մասնակցի զինուորական վարժանքներու։ Մասնակիցներու շարքին են ֆինանսներու նախարար Ֆիցում Ասեֆա, առողջապահութեան նախարար Մեկտես Տապա եւ Դաշնութեան պալատի նախագահ Մուֆերիաթ Քամիլ։
Նման գործելակերպը անսովոր է Եթովպիոյ համար, ուր բարձրաստիճան քաղաքացիական պաշտօնատարները հազուադէպօրէն զինուորական պատրաստութիւն կը ստանան։ Սակայն յստակ չէ, թէ երբ սկսած են վարժանքները եւ որքան պիտի տեւեն։
Ապիյ յայտարարած է, որ համընդհանուր բարօրութեան հասնելու համար երկրի ղեկավարները պէտք է ըլլան ֆիզիքապէս պատրաստուած, հոգեպէս կայուն եւ մտաւոր զարգացած։ Անոր կարծիքով՝ զինուորական հաստատութիւնները կրնան անոնց սորվեցնել կարգապահութիւն, հայրենասիրութիւն, խմբային աշխատանք եւ պատասխանատուութիւն։
«Զինուորները ունին առաջադրանքներ, իսկ քաղաքացիական անձերը՝ նպատակներ։ Երկուքն ալ կը ձգտին յաղթանակի», գրած է վարչապետը՝ ընդգծելով, որ զինուորական եւ քաղաքացիական կարգապահութեան համադրութիւնը պիտի նպաստէ այնպիսի ղեկավարներու պատրաստութեան, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան աշխատելու յանուն հասարակաց արդիւնքներու։
Պատրաստութիւնը տեղի կ՚ունենայ երկրի անվտանգութեան ոլորտին մէջ շարունակուող խնդիրներու պայմաններուն տակ։ Տիկրայի մէջ բախումները կը շարունակուին, Ամհարայի մէջ հակամարտութիւն կը տիրէ, իսկ Օրոմիոյ մէջ անկայուն վիճակ կը պահպանուի։ Բացի այդ, կ՚աճի լարուածութիւնը դրացի Էրիթրեայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ, որ մտահոգութիւններ կ՚առաջացնէ զինուած հակամարտութեան վերսկսման հաւանականութեան շուրջ։