image

Փաշինեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպած է Խրուաթիոյ վարչապետի հետ

Փաշինեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպած է Խրուաթիոյ վարչապետի հետ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ հանդիպած է Խրուաթիոյ վարչապետ Անտրէյ Փլենքովիչի հետ։

Քննարկուած են Հայաստան-Խրուաթիա եւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումներուն հետ կապուած հարցեր:

Քննարկումներու առանցքին եղած են նաեւ Հայաստան-Խրուաթիա առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը եւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ընթացքը։

Փաշինեան ու Փլենքովիչ կարեւորած են Հայաստան-Խրուաթիա ռազմավարական երկխօսութեան հռչակագիրը։