image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ առաջին անգամ կնոջ ղեկավարած նուագախումբը կատարած է Արամ Խաչատրեանի «Սուսերով պարը»

Իրանի մէջ առաջին անգամ կնոջ ղեկավարած նուագախումբը կատարած է Արամ Խաչատրեանի «Սուսերով պարը»

Թեհրանի «Վահտաթ» դահլիճը դարձած է նշանակալի իրադարձութեան թատերաբեմ. Թեհրանի սիմֆոնիք նուագախումբը կատարած է «Սիմորղի երկիրը» նախագիծը, որ առաջին անգամ ղեկավարած է կին խմբավար Փանիզ Ֆերիւսեֆին։

Ծրագիրը բացուած է Սիպելիուսի «Իմփրոմթ» լարային անսամպլի համար Op.5-ով, որուն յաջորդած են ժամանակակից իրանցի երգահաններու Կոլֆամ Խայամի եւ Աֆթապ Տարվիշիի ստեղծագործութիւնները։

Երեկոն եզրափակուած է բարձր տրամադրութեամբ՝ Արամ Խաչատրեանի «Գայիանէ» պալէէն «Սուսերով պարով»։

Փանիզ Ֆարիւսեֆին համերգը նուիրած է Իրանի կանանց եւ մայրերուն, մասնաւորապէս իր մօրը։