Թեհրանի «Վահտաթ» դահլիճը դարձած է նշանակալի իրադարձութեան թատերաբեմ. Թեհրանի սիմֆոնիք նուագախումբը կատարած է «Սիմորղի երկիրը» նախագիծը, որ առաջին անգամ ղեկավարած է կին խմբավար Փանիզ Ֆերիւսեֆին։
Ծրագիրը բացուած է Սիպելիուսի «Իմփրոմթ» լարային անսամպլի համար Op.5-ով, որուն յաջորդած են ժամանակակից իրանցի երգահաններու Կոլֆամ Խայամի եւ Աֆթապ Տարվիշիի ստեղծագործութիւնները։
Երեկոն եզրափակուած է բարձր տրամադրութեամբ՝ Արամ Խաչատրեանի «Գայիանէ» պալէէն «Սուսերով պարով»։
Փանիզ Ֆարիւսեֆին համերգը նուիրած է Իրանի կանանց եւ մայրերուն, մասնաւորապէս իր մօրը։