«Air India» ընկերութեան՝ Ֆրանքֆուրթէն դէպի Տելհի AI2030 թռիչքը կատարող օդանաւը արտակարգ վայրէջք կատարած է Ճայփուրի միջազգային օդակայան՝ առեւանգման հաւանականութեան մասին ազդանշան փոխանցելէ ետք։ Այս մասին կը հաղորդէ Times of India պարբերականը։
Պարբերականին համաձայն՝ երբ օդանաւը կը գտնուէր Մումպայի թռիչքային տեղեկատուութեան շրջանին մէջ, օդաչուն փոխանցած է 75-00 ծածկագիրը, որ կը նշանակէ առեւանգում կամ ապօրինի միջամտութիւն։ Վայրէջքէն ետք օդանաւը ուղղորդուած է դէպի մեկուսացուած կայանատեղի՝ ոստիկանութեան աշխատակիցներուն կողմէ ստուգման ենթարկուելու համար։
Մալվիյա-Նակար շրջանի ոստիկանութեան կոմիսարի օգնական Շիւ Տայալ յայտնած է, որ օդակայանի վարչակազմը իրաւապահ մարմիններուն տեղեկացուցած է պայթումի սպառնալիքի պատճառով կատարուած արտակարգ վայրէջքին մասին։