image

Երեւանի մէջ ուղեւորածախսը աւելի թանկ է քան Թիֆլիսի կամ Պաքուի մէջ

Երեւանի մէջ ուղեւորածախսը աւելի թանկ է քան Թիֆլիսի կամ Պաքուի մէջ

Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ հասարակական փոխադրութեան ամսական ուղեվճարն աւելի թանկ է, քան Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքներուն՝ Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ։ Այդ մասին կը վկայեն Numbeo-ի տուեալները:

Երեւանի մէջ հասարակական փոխադրութեան ամսական ուղետոմսի արժէքը կը կազմէ 23,56 ամերիկեան տոլար։

Թիֆլիսի մէջ ամսական ուղետոմսի արժէքը կը կազմէ 14,73 տոլար, Պաքուի մէջ՝ 17,65 տոլար, Մոսկուայի մէջ՝ 38,03 տոլար, իսկ Անգարայի մէջ՝ 8,93 տոլար։