Հոկտեմբեր 31-ին տեղի ունեցած է Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի արտահերթ համագումարը, որու ընթացքին ընտրուած են ֆետերասիոնի նոր նախագահն ու նախագահութեան կազմը։
Համագումարի օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր հինգ հարց՝ նախագահութեան եւ վերահսկիչ յանձնաժողովի գործունէութեան հաշուետուութիւնները, նախագահութեան ընտրութիւնը, ֆետերասիոնի կանոնադրութեան շարք մը յօդուածներու փոփոխութիւնները եւ ընթացիկ հարցերը։
Նիստին ներկայ 33 անդամները միաձայն քուէարկած են Սերկէյ Բագրատեանի թեկնածութեան օգտին՝ զայն ընտրելով Երեւանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ, ինչպէս նաեւ միաձայնութեամբ հաստատած են նախագահութեան նոր կազմը։
Ֆետերասիոնի նախագահ ընտրուած է Սերկէյ Բագրատեան, փոխնախագահներ՝ Նորայր Քալանթարեանն ու Ռաֆայէլ Վահանեան։ Նախագահութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Արսէն Մակվէցեան, Նորայր Յովհաննիսեան եւ Վարդան Մելքոնեան։