image

Երեւանի մէջ ընդդիմադիր ուժերու հաւաք

Երեւանի մէջ ընդդիմադիր ուժերու հաւաք

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութենէն ետք ընդդիմադիր շարք մը ուժերու ներկայացուցիչներ ընդլայնուած հանդիպում ունեցած եան:

Հանդիպումը ընթացած է Սամուէլ Կարապետեանի առանձնատան մէջ: Հանդիպումին ներկայ եղած են «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչները, մասնաւորապէս, պատգամաւորներ Աննա Գրիգորեանն ու Իշխան Սաղաթէլեանը, Հայ ազգային քոնկրեսի փոխնախագահ Լեւոն Զուրաբեանը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութենէն Իվեթա Տօնոյեանն ու Արման Աբովեանը, «Հայաքուէի» ղեկավար Աւետիք Չալաբեանը եւ այլ ընդդիմադիրներ:

Բացումը կատարելով հանդիպման` «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեան ըսած է. «Մենք գիտենք, որ հայկական քաղաքական դաշտը միշտ շատ բարդ կը միաւորուի, բայց այսօր առերեսուելով մեր երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու բարդութեան, քանի մը կէտի շուրջ պէտք է ունենանք վերջնական դիրքորոշում, որպէսզի կարողանանք ազդու կերպով պայքարիլ մեզի պարտադրուող զիջումներուն դէմ: Եկէք սկսինք քննարկումը եւ մեր հանրութեան ներկայացնենք ընդհանուր մօտեցում այն կէտերուն շուրջ, որոնք առանցքային պիտի ըլլան մեր հետագայ պայքարին համար, որուն շուրջ բոլորս համակարծիք ենք»:

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը պնդած է, թէ Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալութիւնը կապուած է նոր Սահմանադրութեան շուրջ ընդդիմութեան կարծր դիրքորոշումին հետ: