image

Երեւանի մէջ Հայ եւ Թուրք արուեստագէտներու համատեղ ցուցահանդէս

Երեւանի մէջ Հայ եւ Թուրք արուեստագէտներու համատեղ  ցուցահանդէս

Նոյեմբեր 6-ին Երեւանի մէջ բացուած է «NORARALIK» խորագիրը կրող ցուցահանդէս, որ համախմբած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արուեստագէտները։

Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ցուցահանդէսին անուանումը կազմուած է հայերէն «նոր» եւ թրքերէն «aralık» (տարածութիւն, միջակայք) բառերէն։ Այն կը խորհրդանշէ երկու լեզուներուն, մշակոյթներուն եւ հասարակութիւններուն միջեւ նոր կապեր ստեղծելու գաղափարը։ Ցուցահանդէսը արուեստի միջոցաւ կ՚անդրադառնայ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններուն, պատմական յիշողութեան եւ երկխօսութեան հնարաւորութիւններուն։

Ցուցահանդէսին ներկայացուած գործերը կ՚անդրադառնան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն՝ դիտարկելով պատմական յիշողութեան, մշակութային տարբերութիւններու, փոխադարձ ընկալման եւ համակեցութեան հարցերը։ Արուեստագէտները գեղարուեստական տարբեր միջոցներով կը փորձեն ներկայացնել երկու հասարակութիւններուն միջեւ նոր կապեր ձեւաւորելու հնարաւորութիւնները։

«NORARALIK» ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Նիհաթ Օզտալի համակարգմամբ եւ Աշոտ Յովհաննիսեանի անուան մարդասիրական հետազօտութիւններու հիմնարկին հետ գործակցաբար։ Նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ՝ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի «Հայաստան-Թուրքիա ճամբորդութեան հիմնադրամ»ին եւ Տիարպէքիրի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի մասնակցութեամբ։

 

Ցուցահանդէսը այցելուներուն համար բաց պիտի մնայ մինչեւ Դեկտեմբեր 1՝ Երեւանի Խանջեան 19 հասցէին մէջ գտնուող շէնքի 5-րդ յարկին վրայ։