Ուաշինկթընը եւ Պաղտատը պատրաստ են բանակցութիւններ նախաձեռնելու Իրաքի մէջ տեղակայուած ԱՄՆ գլխաւորութեամբ միջազգային դաշինքի ուժերը դուրս բերելու եւ «այն երկկողմ յարաբերութիւններով փոխարինելու շուրջ»։ Այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ վկայակոչելով իր չորս աղբիւրները։
Ըստ աղբիւրներու՝ Իրաքի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ալինա Ռոմանովսքին յունուար 24-ին նամակ յանձնած է հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հուսէյնին, որուն մէջ ԱՄՆ-ն հրաժարած է այն նախապայմանէն, որ ուժերու դուրսբերումէն առաջ նախ պէտք է դադրին իրաքեան աշխարհազօրային խումբերու յարձակումներն ԱՄՆ ուժերու դէմ։
Իր հերթին Իրաքի ԱԳՆ-ն յայտնած է, որ ստացած է «կարեւոր» նամակ, որ պիտի ուսումնասիրէ վարչապետ Մուհամետ ալ Սուտանին։ Նախարարութիւնը մանրամասներ չէ յայտնած։