Եմէնի «Անսար Ալլահ» շարժման հուսիները յայտարարած են Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ գտնուող Խալիտ թագաւորի անուան միջազգային օդակայանին նոր հարուածներ հասցնելու մասին։
Այս մասին «Ալ Մասիրա» հեռատեսիլի եթերով յայտնած է հուսիներու զինուած ուժերու ներկայացուցիչ Եահեա Սարիան։
«Մենք գործողութիւն կատարեցինք՝ պալիսթիք հրթիռով հարուածելով Ռիատի մէջ գտնուող Խալիտ թագաւորի անուան միջազգային օդակայանը։ Հարուածին հետեւանքով օդակայանի շէնքը զգալի վնասներ կրած է», ըսած է Եահեա Սարիան։
Հուսիներու ներկայացուցիչը աւելցուցած է, որ Խալիտ թագաւորի անուան միջազգային օդակայանն այլեւս ապահով չէ, քանի որ այն այժմ շարժումին համար ռազմական թիրախ կը հանդիսանայ։
Անոր խօսքով՝ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան օդային տարածքը իրենց թիրախին մէջ է, բացառութեամբ Մեքքա եւ Մետինա քաղաքներու շրջաններուն, որոնք սրբազան են իսլամներուն համար։