«Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Նոյեմբեր 4-ին Համաշխարհային փառատօններու ընկերակցութեան (WOFA) նախագահ Զորան Ստրեզովսկիի անունով ստացած է պաշտօնական գրութիւն մը, ըստ որուն՝ կազմակերպիչ յանձնախումբը որոշած է ամբողջութեամբ չեղարկել 2026 թուականի Նոյեմբեր 27-30-ին Վիեննայի մէջ նախատեսուած միջազգային փառատօնը։
Յիշեցնենք, որ WOFA-ն աւելի վաղ պաշտօնապէս հրաւիրած էր արցախեան երկու համոյթներ՝ «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի համոյթը եւ Արցախի ազգային նուագարաններու նուագախումբը՝ մասնակցելու փառատօնին։
Սակայն Հոկտեմբերին կազմակերպիչները չեղարկած էին համոյթներուն մասնակցութիւնը՝ վկայակոչելով որոշ դեսպանատուներու առարկութիւնները եւ փոխանցելով քաղաքական բնոյթի մեղադրանքներ՝ առանց զանոնք հիմնաւորող փաստեր կամ պաշտօնական փաստաթուղթեր ներկայացնելու։