image

ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման պէտք է հետեւին իրական հետեւանքներ․ Ատամ Շիֆ

ԱՄՆ-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման պէտք է հետեւին իրական հետեւանքներ․ Ատամ Շիֆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Ատամ Շիֆը կարծիք յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ դատապարտումէն ետք պէտք է ըլլան իրական հետեւանքներ, քանի որ միայն խիստ յայտարարութիւններ ընելու ժամանակը վաղուց անցած է։

Այս մասին ան յայտարարած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Լեռնային Ղարաբաղին նուիրուած՝ «Արդարութիւն յանուն ցեղասպանութեան» միջոցառման ընթացքին։

«Մինչ մենք կ՚ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը՝ երբեք չկրկնուելու խոստումներով, ժողովրդավար եւ խաղաղ հայ ժողովուրդը կը բախի իր ամենամութ օրերը յիշեցնող սպառնալիքներու: Վարչակազմի կողմէ միայն խիստ յայտարարութիւններով հանդէս գալու ժամանակը վաղուց անցած է։ Դատապարտման պէտք է հետեւին իրական հետեւանքներ»,- ընդգծած է քոնկրեսականը՝ համոզմունք յայտնելով, որ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները չեն կրնար անտեսուիլ եւ չեն կրնար անպատասխան մնալ։