image

Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկը՝ 60 տարի ծառայութեան, մարդասիրական առաքելութեան եւ համայնքային զարգացման ճանապարհին

Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկը՝ 60 տարի ծառայութեան, մարդասիրական առաքելութեան եւ համայնքային զարգացման ճանապարհին

Մասնագիտական գիտելիքներու ձեռքբերումը, տնտեսական ինքնաբաւութիւնն ու սեփական կարողութիւններու զարգացումը կարեւոր քայլեր են կնոջ ընկերային եւ տնտեսական դիրքի ամրապնդման ճանապարհին։ Այս համոզումով եւ իր հիմնադրութեան 60-ամեակի նշումներով՝ Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկը կը շարունակէ իր մարդասիրական ու ընկերային առաքելութիւնը՝ ստեղծելով նոր հնարաւորութիւններ հայ կիներու համար։

Այս ծիրին մէջ, 5 Նոյեմբեր 2026-ին, Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ Հ.Կ.Մ.-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արհեստավարժութեան դասընթացքներու վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին գնահատանքի արժանացան 69 հայ կիներու աշխատասիրութիւնն ու ձեռքբերումները։

Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկը, իր հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով, 5 Նոյեմբեր 2026-ին, Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ Հ.Կ.Մ.-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ կազմակերպեց արհեստավարժութեան դասընթացքներու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը՝ տօնախմբելով 69 հայ կիներու աշխատասիրութիւնը, յանձնառութիւնն ու ձեռքբերումները։

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Հիմնարկի ծրագրի պատասխանատու ընկերային ծառայող՝ Ճեսիքա Պաժին, որմէ ետք Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գերապատիւ Հայր Սահակ Վարդապետ Քէշիշեան կատարեց բացման աղօթքը։

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ ներկայացուց ծրագրի մասնակիցներուն տարուան ընթացքին կատարած աշխատանքներն ու ձեռքբերումները, յատկապէս նորաձեւութեան դասընթացքի մասնակիցներուն ստեղծագործութիւնները։

Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացուցին Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի «Շուշի» պարախումբը՝ պարուսոյց Աւօ Քարաքէշիշեանի ղեկավարութեամբ, աշակերտ Գարըն Եխէյեանի ասմունքը, ինչպէս նաեւ Նայիրի Առնելեանի երաժշտական կատարումը։Հանդիսութեան ընթացքին իրենց խօսքերը փոխանցեցին Հայաստանի Ճինիշեան Հիմնադրամի տնօրէն՝ Արմէն Յակոբեան, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի Լիբանանի տնօրէն տիկին Քրիսթին Դանիէլեան եւ Հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն տիկին Էլիզա Մինասեան՝ կարեւորելով կնոջ մասնագիտական զարգացումը, տնտեսական ինքնաբաւութիւնն ու համայնքին մէջ անոր դերակատարութիւնը։ 

Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը՝ շպարումի, վարսայարդարման, եղունգներու խնամքի, խոհարարութեան եւ նորաձեւութեան դասընթացքներու շրջանաւարտներուն։

Ծրագիրը իրականացաւ Հայ Կանանց Միջազգային Միութեան (AIWA)աջակցութեամբ՝ նպատակ ունենալով հայ կիներուն ընձեռնել մասնագիտական գիտելիքներ եւ գործնական հմտութիւններ ձեռք բերել, իրենց կարողութիւնները զարգացնել եւ տնտեսական ինքնաբաւութեան ուղղութեամբ նոր հնարաւորութիւններ ստեղծել։

Իր հիմնադրութեան 60-ամեակին, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեան՝ «Աղքատութենէն եւ յուսահատութենէն՝ դէպի ինքնաբաւութիւն եւ յոյս»։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բոլոր շրջանաւարտները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծրագրի աջակիցներուն, դասընթացավարներուն ու բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ։

60 տարի՝ սիրով, նուիրումով եւ զօրակցութեամբ։