Սուրիոյ հայութիւնը՝ նոր իրականութեան եւ հին անորոշութիւններու միջեւ
Սուրիոյ մէջ այսօր ամէն ինչ դեռ այնքան ալ պարզ չէ։ Շատ-շատեր իրավիճակը կը փորձեն ներկայացնել, որպէս յետ-յեղափոխութեան «հասկնալի» դրութիւն մը, սակայն այդ մէկը շատ հեռու է գետնի վրայ տիրող իրականութիւններէն։
Պատերազմի երկար տարիներէն ետք երկիրը մտած է նոր փուլի մը մէջ, սակայն նոր փուլը դեռ չի նշանակեր վերջնական կայունութիւն։ Տնտեսութիւնը կը շարունակէ ծանրանալ, ապահովական հարցերը կը մնան օրակարգի առաջնագիծին վրայ, իսկ նոր իշխանութիւնը կը փորձէ միաժամանակ վերակառուցել պետութիւնը, ամրապնդել իր իշխանութիւնը եւ արտաքին աշխարհին համոզել, որ Սուրիան պատրաստ է վերադառնալու տարածաշրջանային ու միջազգային համակարգին։
Այս ընդհանուր պատկերին մէջ Սուրիոյ հայկական բաղադրիչը եւս բաւական դժուար կացութեան մը առջեւ կը գտնուի։
Ճիշդ է, որ Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ մանաւանդ Հալէպի մէջ հայկական կեանքը, պատերազմական տարիներու համեմատ, մտած է աւելի բնականոն ու յուսադրիչ փուլ մը, սակայն այս յարաբերական բնականոնութիւնը պէտք չէ շփոթել խնդիրներու բացակայութեան հետ։ Երկրին տնտեսական տագնապը կը շարունակէ իր ժխտական ազդեցութիւնը տարածել գրեթէ բոլոր ոլորտներուն վրայ։
Դամասկոսի պարագային տնտեսական դժուարութիւններու կողքին առաջնահերթ կը մնայ նաեւ ապահովութեան հարցը։ Հալէպի մէջ, ընդհակառակը, ներքաղաքական եւ առօրեայ կեանքի կայունութիւնը այս պահուն աւելի հաստատուն կը թուի։ Հայութիւնը, այսօրուայ պայմաններուն մէջ, կը շարունակէ իր կեանքը բնական հունի մէջ պահելու փորձը՝ իր մարդկային եւ կազմակերպական ներուժը միաւորելով կրթական, մշակութային, ընկերային եւ մանաւանդ կրօնական ոլորտներուն մէջ։
Եւ այստեղ թերեւս կարեւոր է մէկ բան ընդգծել. Սուրիոյ հայութիւնը, հակառակ երկրի ամբողջական պատկերի անորոշութեան, տակաւին կը շարունակէ մնալ կազմակերպուած եւ տեսանելի համայնքային ներկայութիւն մը հանդիսանալ։
Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արմաշ Սրբազանի խօսքերուն շուրջ ստեղծուած շինծու աղմուկը
Այս ընդհանուրի լոյսին ներքոյ անցնող օրերուն Սուրիոյ հայկական պատուհանէն արձանագրուեցաւ ուշագրաւ զարգացում մը՝ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ արք. Նալպանտեանի խօսքերուն շուրջ։
Սրբազան Հօր վերագրուած կամ անոր խօսքերէն շրջանառութեան մէջ դրուած որոշ ձեւակերպումներու շուրջ ստեղծուեցաւ այնպիսի տպաւորութիւն, թէ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու, հետեւաբար նաեւ հայութեան վիճակը հասած է ծայրայեղ վտանգաւոր հանգրուանի մը։
Մինչդեռ հրապարակուած տեղեկութիւններուն մէջ Արմաշ Սրբազան անդրադարձած էր Սուրիոյ քրիստոնեաներու առջեւ ծառացած քաղաքական ներկայացուցչութեան, արտագաղթի եւ ապահովութեան խնդիրներուն՝ հարց բարձրացնելով նաեւ նոր Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու ապագայ տեղին ու դերին մասին։
Այստեղ, սակայն, կարեւոր է տարբերել իրական մտահոգութիւնը՝ այդ մտահոգութեան շրջանառութեան ոճէն։
Սրբազան Հօր հետ իմ ունեցած կարճ եւ մտերմիկ խօսակցութեանս ընթացքին ան առանձնայատուկ մտահոգութիւն մը չարտայայտեց իր խօսքերու շուրջ ստեղծուած աղմուկին առնչութեամբ։ Ընդհակառակը, շեշտեց, որ նման իրավիճակներ նորութիւն չեն եւ որ հայկական կեանքը Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն ու շրջաններուն մէջ կը շարունակուի բնականոն հունով մը։
Այս մէկը կարեւոր շեշտադրում մըն է։
Որովհետեւ Սուրիոյ հայկական կեանքին մասին խօսելու ատեն պէտք է խուսափիլ երկու ծայրայեղութիւններէն՝ մէկ կողմէ ամէն ինչ ներկայացնել որպէս վտանգ ու փլուզում, իսկ միւս կողմէ՝ անտեսել այն իրական խնդիրները, որոնց դիմաց այսօր կը գտնուին քրիստոնեայ եւ հայ համայնքները։
Հարցը այս երկու ծայրերուն միջեւ ճշգրիտ հաւասարակշռութիւն մը գտնելն է։
Այս բոլորին զուգահեռ Սուրիոյ հայութիւնը երկրին մէջ ընթացող բաւական «խայտաբղէտ» փոփոխութիւններուն առընթեր ունի իր սեփական օրակարգը։
Համայնքը պատերազմէն ետք փոքրացած է, սակայն չէ անհետացած եւ այս ներկայութիւնը ինքնին կարեւորութիւն ունի։
Որովհետեւ Սուրիոյ հայութեան պատմութիւնը միայն պատերազմի տարիներու գոյատեւման պատմութիւն մը չէ։ Ան նաեւ գոյատեւումէն ետք ապրելու, վերականգնելու եւ համայնքային կեանքը շարունակելու պատմութիւն է։
Եւ այստեղ է, որ Արմաշ Սրբազանի շուրջ ստեղծուած վերջին աղմուկը պէտք է դիտել աւելի լայն համատեքստի մը մէջ։
Քրիստոնեաներու եւ հայութեան ապագային վերաբերող հարցերը իրական են։ Արտագաղթը իրական է։ Քաղաքական ներկայացուցչութեան հարցը իրական է։ Ապահովութեան հարցը իրական է։
Բայց նոյնքան իրական է նաեւ այն փաստը, որ Սուրիոյ հայկական կեանքը տակաւին կը շարունակուի։
Ուրեմն, պէտք է զգոյշ ըլլալ բառերու հետ։
Ոչ ամէն մտահոգութիւն աղէտի ազդանշան է, ոչ ալ ամէն բնականոնութիւն՝ խնդրին բացակայութիւն։
Սուրիահայութեան համար այսօր անհրաժեշտ է սառնասրտութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ իրողութիւնները իրենց անուններով կոչելու կարողութիւն։ Ոչ չափազանցնել, ոչ ալ թաքցնել։
«Սուրիական հրապարակ»ը լաւ վիճակի մը մէջ չէ
Միւս կողմէ սուրիական հրապարակը լաւ վիճակի մէջ չի թուիր ըլլալ։
Տնտեսական ճգնաժամի խորացումը տակաւին չէ վերածուած նոր իշխանութեան դէմ ժողովրդային մեծ պայթումի, սակայն այն աշխուժութիւնը, որ պաշտօնական Դամասկոս կը սպասէր երկիրը արաբական եւ միջազգային համակարգին հետ վերամիաւորելու գործընթացէն ետք, տակաւին ամբողջութեամբ չէ իրականացած։
Նոր իշխանութիւնը վերջին շրջանին յատկապէս կը շեշտէ տնտեսուլեան ամբողջական կերկանգնման կարեւորութիւնը , օտար ներդրումներու վերադարձը եւ Սուրիոյ վերակառուցումը։ Երկրի նախագահ Ահմէտ Շարըհ 15 Սեպտեմբերին յայտարարած էր, որ պատժամիջոցներու վերացումէն ետք երկիրը նոր ներդրումներու դուռը բացած է, իսկ Սուրիոյ տնտեսութիւնը 2026-ին կրնայ հասնիլ շուրջ 50 միլիառ տոլարի։ Ան նաեւ խօսած էր առաջիկայ տարիներուն շատ աւելի մեծ տնտեսական աճ ապահովող մեծ նպատակներու մասին։
Բայց քաղաքական յայտարարութիւններէն մինչեւ ժողովուրդի առօրեան դեռ երկար ճանապարհ կայ։
Դամասկոս, որ վերջին շրջանին կը փորձէ սերտացնել յարաբերութիւնները Ծոցի երկիրներուն, Թուրքիոյ, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ, կը կ՚ակնկալէ նիւթական մեծածաւալ աջակցութեան։ Միաժամանակ, այսօր արդէն կան յայտարարուած եւ քննարկուող ներդրումային ծրագիրներ։ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու հետ, օրինակ, քննարկումները կեդրոնացած են տնտեսական եւ զարգացման համագործակցութեան վրայ, իսկ Սուրիոյ նախագահին համաձայն՝ էմիրաթցի ներդրողներու կողմէ մեծ ծրագիրներ կը քննարկուին։
Սակայն ներդրումային յուշագիր մը տակաւին աշխատատեղ մը չէ, իսկ խոստացուած ծրագիր մը, անպայման առօրեայ կեանքի փոփոխութիւն չի նշանակեր։
Անվտանգութեան հարցը՝ գերխնդիր
Նոր իշխանութեան համար առաջին հարցը կը շարունակէ մնալ անվտանգութիւնը։
Պետական կառոյցներու վերակազմակերպման եւ բանակի ստեղծման աշխատանքները կը շարունակուին։ Շարըհ նաեւ վերջին օրերուն շեշտած է նոր բանակի եւ պետական հաստատութիւններու կառուցման, ինչպէս նաեւ նոր սահմանադրական ու իրաւական համակարգի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը։
Սակայն այդ ամբողջ գործընթացը տեղի կ'ունենայ բարդ միջավայրի մը մէջ։
Նախկին վարչակարգի զինուած կամ «քաղաքական մնացորդներ»ը, «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքը, տարբեր տեղական ուժերու պահանջները, Սուէյտայի տիւրզիներու հարցը եւ երկրի տարբեր համայնքներու միջեւ վստահութեան խնդիրները կը շարունակեն ծանրացնել նոր իշխանութեան առջեւ ծառացած հարցերը։
Դամասկոսի համար յատկապէս զգայուն է նաեւ այն հարցը, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ միաժամանակ հաստատել կեդրոնական իշխանութիւն եւ խուսափիլ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան ինքնավարութեան նոր պահանջներ առաջացնել ալեւիներու, քիւրտերու կամ այլ համայնքներու կողմէ։
Իսրայէլի գործօնը
Այս ամբողջ պատկերին մէջ Իսրայէլի գործօնը առանձին ծանրութիւն ունի։
Դամասկոս կը պնդէ, որ Իսրայէլ կը շարունակէ ռազմական ներթափանցումները, հարուածները եւ ձերբակալութիւնները Սուրիոյ տարածքին մէջ։ Շարըհ վերջին օրերուն կրկին հաստատած է, որ իր կառավարութիւնը կը նախընտրէ դիւանագիտական ճանապարհը եւ Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները։
Աւելի ուշագրաւ է այն, որ Շարըհ յայտարարած է, թէ Սուրիա-Իսրայէլ բանակցութիւնները որոշ փուլերու մէջ հասած են համաձայնութեան շուրջ 90 տոկոսին, սակայն իսրայէլեան կողմը վերջին հանգրուանին ետ քաշուած է կամ նոր պայմաններ ներկայացուցած։ Այս պնդումը Շարըհի կողմէ ներկայացուած գնահատականն է եւ պէտք է այդպէս ալ ընկալել։
Այս պայմաններուն մէջ Դամասկոս կը փորձէ պահպանել բաւական զգուշաւոր քաղաքականութիւն մը։ Նոր իշխանութեան օրակարգին մէջ Իսրայէլի դէմ ռազմական ճակատ բանալը առաջնահերթութիւն չէ այլեւս։ Ընդհակառակը՝ իշխանութիւնը կը փորձէ խուսափիլ Իրանի եւ Դիմադրութեան առանցքին հետ կապուելու որեւէ նոր կասկածէ։
Այս քաղաքականութեան մէկ այլ դրսեւորումը պաղեստինեան խմբաւորումներու նկատմամբ վերաբերմունքն է, որոնցմէ ոմանց գործունէութիւնը սահմանափակուած է նոր իշխանութեան կողմէ։
«Լիբանանի հարց»ը՝ եւս մէկ դժուար հաւասարակշռութիւն
«Լիբանանի հարց»ը այս ամբողջ համակարգին մէջ աւելի բարդ է։
Սուրիա չի կրնար անտեսել Լիբանանը՝ ոչ աշխարհագրական, ոչ քաղաքական եւ ոչ ալ անվտանգային իմաստով։ Միաժամանակ, Դամասկոսին համար որեւէ ուղղակի ներգրաւում Լիբանանի մէջ (ռազմական գործողութիւններու տեսակէտէ) կամ «Հըզպալլա»ի դէմ ռազմական առճակատման առընթեր մասնակցութիւն կրնայ ունենալ ծանր հետեւանքներ։
Այստեղ է, որ ամերիկեան ճնշումը, իսրայէլական գործողութիւնները, Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի հաշուարկները եւ Սուրիոյ ներքին անվտանգութիւնը կը խաչուին իրարու։
Անգամ եթէ Դամասկոսի քաղաքական վերնախաւին մէջ կան ուժեր, որոնք կ'ուզեն աւելի կոշտ դիրքորոշում որդեգրել Իսրայէլի նկատմամբ, նոր իշխանութեան համար հիմնական հարցը կը մնայ նոյնը՝ ինչպէ՞ս չդառնալ տարածաշրջանային նոր պատերազմի մը մաս։
Սուրիահայութիւնը միայն դիտորդ պիտի չըլլայ
Աւարտին հարկ է նշել, որ Սուրիան այսօր կը փորձէ վերակառուցել պետութիւն մը, տնտեսութիւն մը եւ իր տեղը տարածաշրջանին մէջ։ Ճամբան երկար է, իսկ հակասութիւնները՝ բազմաթիւ։
Այդ ճամբուն վրայ հայութիւնը միայն դիտորդ մը չէ։ Ան Սուրիոյ պատմական հիւսուածքին մաս կազմող համայնք մըն է, որ պատերազմի ամենածանր տարիներուն չանհետացաւ եւ այսօր ալ կը փորձէ պահպանել իր դպրոցը, եկեղեցին, մշակոյթը եւ համայնքային կեանքը։
Հետեւաբար, այսօրուան հիմնական հարցը միայն այն չէ, թէ Սուրիան ո՞ւր պիտի հասնի։
Հարցն այն է նաեւ, թէ նոր Սուրիոյ մէջ ո՞ւր պիտի կանգնին անոր քրիստոնեաները, հայերը եւ միւս փոքրամասնութիւնները։
Այս հարցին պատասխանը տակաւին ամբողջութեամբ գրուած չէ։
Ու թերեւս ամենակարեւորը՝ այդ պատասխանը պէտք չէ գրուի վախի, չափազանցութեան կամ աղմուկի լեզուով։
Պէտք է գրուի իրականութեան լեզուով։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս
Սագօ Արեան