Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան ընդունած է «SALT» բարեսիրական կազմակերպութեան պատասխանատու Սամիր Շամաունը՝ բարձր գնահատելով Ճէզիրէի շրջանին մէջ կազմակերպութեան ծաւալած մարդասիրական գործունէութիւնն ու հայ համայնքին հետ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգային Փոխանորդարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց «SALT» բարեսիրական կազմակերպութեան պատասխանատու Տիար Սամիր Շամաունը։
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը եւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան անդամները։
Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց «SALT» բարեսիրական կազմակերպութեան կողմէ Ճէզիրէի շրջանի մէջ ծաւալած մարդասիրական աշխատանքներուն եւ հայ համայնքին հետ հաստատուած սերտ համագործակցութեան համար։
Սրբազան Հայրը օրհնեց կազմակերպութեան պատասխանատուն եւ մաղթեց, որ մարդասիրական առաքելութիւնը շարունակէ արդիւնաւորուիլ՝ ի նպաստ Ճէզիրէի շրջանի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ համայնքին։
Տիար Սամիր Շամաուն իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ ջերմ ընդունելութեան եւ քաջալերական խօսքերուն համար։