image
Հրատապ լուրեր:

25 տարիներ վերջ` մկրտութեան խորհուրդ հայկական եկեղեցւոյ մէջ․ Լուսանկար

25 տարիներ վերջ` մկրտութեան խորհուրդ հայկական եկեղեցւոյ մէջ․ Լուսանկար

Իսթանպուլի Էյուպ շրջանի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ 25 տարիներ վերջ կատարուեցաւ մանկամկրտութեան խորհուրդ, կը տեղեկանանք եկեղեցիի թաղային խորհուրդէն։ 

Մկրտութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ` եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ' Արժ. Տ. Ներսէս Քհն. Այվազեանի եւ ներկայութեամբ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհն. Գույումճեանի 

Արարողութեան օգտագործուեցաւ Տիկին Նատեա Պիւքիւճիեանի բարերարութեամբ ընծայուած Մեռոնաթափ Աղաւնին։ 

Մանուկին կնքահայրը եղաւ եկեղեցւոյ թաղային խորհրդի անդամ Արման Սարըկանեան։

Արարողութեան աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ կից սրահը եւ պարտէզը։