image

Մեսրոպեանի մէջ մշակութային հանդիսութիւն․ Թարգմանչաց տօնին խորհուրդները՝ մեր ժամանակներուն մէջ

Մեսրոպեանի մէջ  մշակութային հանդիսութիւն․ Թարգմանչաց տօնին խորհուրդները՝ մեր ժամանակներուն մէջ

Օրուան գլխաւոր պատգամախօսն էր Հայր Անտոն ծ. վրդ. Ադամեան՝ հայ կաթողիկէ բազմավաստակ հոգեւորականը։ Հայր Ադամեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիրերու գիւտին, Ե․ դարու թարգմանական շարժումին եւ անոր յաջորդած մատենագիրներու գրական ժառանգութեան նշանակութեան, հասնելով մինչեւ 20-րդ դարու հայոց գրողները, որոնք գեղարուեստական խօսքի ընդմէջէն թարգմանները հանդիսացան հայ ժողովուրդի բարդ եւ հակասական փորձառութիւններուն՝ դարերու ընթացքին։

 

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, 23 Հոկտեմբեր 2026-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ «Ներկիզեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած մշակութային հանդիսութիւն մը՝ «Թարգմանչաց տօնին խորհուրդները՝ մեր ժամանակներուն մէջ» խորագիրով։ Ներկայ էին Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի Օգնական եպիսկոպոս եւ Պատրիարքական փոխանորդ Հայր Գրիգոր եպս․ Պատիշահ, Հայր Մաշտոց թ․ ծայրագոյն վարդապետ Զահթէրեան՝ Պատրիարքական փոխանորդ Զմմառու միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու վանքին, Զմմառու միաբանութեան հայրեր եւ դպրեվանքի սաներ, մշակութային միութիւններու եւ մշակութասէր հանրութեան ներկայացուցիչներ։

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը՝ Մեսրոպեանի շրջանաւարտներուն մասնակցութեամբ։ Օրուան հանդիսավարն էր Մեսրոպեան նախկին սաներու միութեան վարչութեան ատենապետուհի տիկին Մարալ Հարպոյեան։

Յայտագիրը բացուեցաւ «Աշխարհը՝ Հայերէն» մշակութային կարճ շարժանկարի ցուցադրութեամբ։ Արհեստական բանականութեան միջոցներու օգտագործումով՝ Սուրբ Թարգմանիչներուն նուիրուած այս ֆիլմին հեղինակն է Մեսրոպեան վարժարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ պարոն Վարդան Թաշճեան, արտադրութիւնը՝ Մեսրոպեան վարժարանին։ Ֆիլմը ներկայացուց Սուրբ Թարգմանիչներու վաստակը՝ Ոսկեդարու իրագործումները կապելով անոնց պահպանումին ուղղուած ներկայի ջանքերուն հետ։

Բացման խօսքը արտասանեց տիկին Մարալ Հարպոյեան, որմէ ետք Մէրի Էքմէքճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Եւ այր մի՝ Մաշտոց անուն» ստեղծագործութիւնը։ Այնուհետեւ Մարիա Ճեսիքա Հաշոլեան կատարեց «Մարտիկին երգը»՝ Ժան Փիեռ Վարդանեանի կիթառի ընկերակցութեամբ։

Օրուան գլխաւոր պատգամախօսն էր Հայր Անտոն ծ. վրդ. Ադամեան՝ հայ կաթողիկէ բազմավաստակ հոգեւորականը։ Հայր Ադամեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիրերու գիւտին, Ե․ դարու թարգմանական շարժումին եւ անոր յաջորդած մատենագիրներու գրական ժառանգութեան նշանակութեան, հասնելով մինչեւ 20-րդ դարու հայոց գրողները, որոնք գեղարուեստական խօսքի ընդմէջէն թարգմանները հանդիսացան հայ ժողովուրդի բարդ եւ հակասական փորձառութիւններուն՝ դարերու ընթացքին։

Ապա Կարօ Թաշճեան մատուցեց Հայր Ադամեանի «Հայկական սիմֆոնիա» ստեղծագործութիւնը, որմէ ետք Կասիա Լեւոնեան եւ Նանոր Առնէլեան կատարեցին Կոմիտասի «Հով արէք» եւ «Երկինքն ամպել ա» ստեղծագործութիւնները։

Հանդիսութեան աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ։ Ան ընդգծեց, որ Սուրբ Թարգմանիչները իրենց ժամանակի մեծ նորարարներն էին, որոնք նոր գիտելիքներն ու հնարաւորութիւնները ծառայեցուցին ժողովուրդի լուսաւորութեան։ Այս առիթով, պարոն Կրէկուար Գալուստ յայտարարեց կրթական կարեւոր նոր իրագործում մը Մեսրոպեանի մէջ. այն, որ աւարտած է պատրաստութիւնը հայոց պատմութեան նոր ուսումնական ծրագիրին ու դասագիրքերուն, որոնց փորձնական տարբերակները ի գործ դրուած են 3-րդէն 11-րդ դասարաններուն մէջ։

Տնօրէնը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ «Աշխարհը՝ Հայերէն» շարժանկարին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր հեղինակ պարոն Վարդան Թաշճեանին՝ արդի արհեստագիտութիւնը հայ մշակոյթի արժեւորման ծառայեցնող աշխատանքին համար։

Հանդիսութեան աւարտին, ի նշան երախտագիտութեան եւ գնահատանքի, տնօրէնը Հայր Անտոն ծ. վրդ. Ադամեանին յանձնեց Մեսրոպեան վարժարանի խորհրդանշանը կրող յուշանուէր-պարգեւ մը։

Ձեռնարկը հանդիսացաւ գեղեցիկ առիթ մը անդրադառնալու հայ գիրի ու մշակոյթի պահպանման, զարգացման եւ նոր սերունդներուն փոխանցման հրամայականին՝ մեր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ։