image

«Լեցուցէ՛ք կարասները». Սուրբգրային սերտողութիւն՝ Բեթէլ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ

«Լեցուցէ՛ք կարասները». Սուրբգրային սերտողութիւն՝ Բեթէլ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ

Բեթէլ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Հանրային Սուրբգրային Սերտողութեան ընթացքին, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան անդրադարձաւ Կանայի հարսանիքի աստուածաշնչական դրուագին՝ հաւատքի, վստահութեան եւ Քրիստոսի փոխակերպող զօրութեան պատգամով։

Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2026-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հերթական Հանրային Սուրբգրային Սերտողութիւնը՝ առաջնորդութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի։

Սերտողութիւնը հիմնուած էր Յովհաննէս 2.1–11 հատուածին՝ Կանայի հարսանիքին վրայ, ուր Յիսուս ջուրը գինիի վերածեց եւ Իր առաջին նշանով յայտնեց Իր փառքը։

«Գինի չունին», «Ինչ որ ձեզի ըսէ՝ ըրէ՛ք» եւ «Լեցուցէ՛ք կարասները» արտայայտութիւններուն ընդմէջէն անդրադարձ կատարուեցաւ մեր անձնական, ընտանեկան եւ համայնքային կեանքի պակասներուն ու մարտահրաւէրներուն։ Շեշտուեցաւ, որ հաւատքը մեր պակասները անտեսել չէ, այլ զանոնք Քրիստոսի ներկայութեան բերել եւ հաւատարմօրէն կատարել մեզի վստահուած բաժինը։

Սերտողութեան կեդրոնական պատգամն էր. «Մենք կրնանք կարասները ջուրով լեցնել, բայց փոխակերպող զօրութիւնը Քրիստոսինն է»։

Հանդիպումը նաեւ հրաւէր էր հարցնելու. «Ո՞ր կարասն է, որ այսօր մենք կոչուած ենք լեցնելու»՝ մեր ընտանիքներուն, եկեղեցւոյ, երիտասարդներուն եւ համայնքին կեանքին մէջ՝ վստահելով Քրիստոսի վերականգնող եւ փոխակերպող զօրութեան։