image

Նիկոլ Փաշինեան նշած է նոր Սահմանադրութեամբ Անվտանգութեան խորհուրդը լուծարելու հիմնաւորումը

Նիկոլ Փաշինեան նշած է նոր Սահմանադրութեամբ Անվտանգութեան խորհուրդը լուծարելու հիմնաւորումը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, թէ ինչո՛ւ նոր Սահմանադրութեամբ պիտի լուծարուի Անվտանգութեան խորհուրդը։ Վարչապետը այս հարցին անդրադարձած է՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցման։

«Անվտանգութեան խորհուրդը կիսանախագահական համակարգին բնորոշ կառոյց է, երբ Հանրապետութեան նախագահը գերագոյն գլխաւոր հրամանատարն է, բայց Պաշտպանութեան նախարարը, Ներքին գործերի նախարարը, Արտաքին գործերի եւ միջազգային առեւտրի նախարարն ու ուժային կառոյցների ղեկավարները նշանակւում են վարչապետի առաջարկութեամբ, բայց ուղիղ ենթարկւում են նախագահին, բայց իրենք նաեւ կառավարութեան անդամ են: Այստեղ ճեղք է առաջանում:

Կառավարման խորհրդարանական համակարգում այդպիսի խնդիր չկայ, որովհետեւ, ըստ էութեան, կառավարութիւնն ինքն Անվտանգութեան խորհուրդ է, հետեւաբար այդ մարմնի գոյութեան իմաստը չկայ պարզապէս», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Անդրադառնալով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեանին՝ այլ պաշտօնի նշանակուելու հաւանականութեան՝ վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ կը ներկայացուի Սահմանադրութեան նախագիծ, որ անձերու համար չէ գրուած։