image

Վլատմիր Փութին չորրորդ նստաշրջանի համար Ռուսասատանի նախագահ ընտրուեցաւ

Վլատմիր Փութին չորրորդ նստաշրջանի համար Ռուսասատանի նախագահ ընտրուեցաւ

Ռուսիոյ Դաշնութեան գործող նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ 18 մարտի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն նախնական հաշուարկով՝ հաւաքած է քուէարկողներու ձայներուն 76,67 տոկոսը:

Վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովըսթի»-ն՝ tert.am-ը կը հաղորդէ, թէ այդ մասին տուեալներ հրապարակած ՌԴ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը:

Առ այժմ  հաշուարկուած են 99,75 տոկոս ձայները:

ՌԴ նախագահ Փութինi օգտին քուէարկած է 54,4 միլիոն քաղաքացի, որ 5,1 միլիոնով աւելի է, քան 2004 թուականի քուէներուն ձայները: Անոր օգտին քուէարկողներուն թիւը նաեւ աւելին է, քան միւս բոլոր թեկնածուներունը միասին հաշուած: