image

Պոլսոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցին վերանորոգուելէ ետք վերաբացուեցաւ

Պոլսոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցին վերանորոգուելէ ետք վերաբացուեցաւ

Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, երկարատեւ վերանորոգութենէ ետք, վերաբացուած է։ Սկիւտարը Իսթանպուլի ասիական հատուածին մէջ, Վոսփորի ափին գտնուող պատմական թաղամաս է, ուր 20-րդ դարու սկիզբը շուրջ 50 հազար հայ կ՚ապրէր։ 

Եկեղեցւոյ օծման արարողութեան մասնակցած են Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան, արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեան, Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրամի ատենապետ Րաֆի Քըրքորեան, տնօրէններու խորհուրդի անդամները եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ։

Պատարագին ընթացքին Մաշալեան շնորհաւորած է եկեղեցւոյ քահանայ Եղիշէ Ուչքունեանը եւ անոր յաջողութիւն մաղթած։ Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ ճաշ մատուցուած է։ Օծումէն ետք եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք առաջին պատարագը նախատեսուած է յուլիս 12-ին։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ անյայտ անձը ներխուժած էր Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ գերեզմանատան տարածքը եւ վնասած վեց դամբարան։ Դէպքէն 48 ժամ ետք յանցագործը յայտնաբերուած եւ կալանաւորուած է։

 

Լուրը՝ «Ermenihaber.am»-էն