image

Քաղաքապետարանը մեկնաբանած է Փաշինեանի հետ վիճած բժշկուհիի աշխատանքէն ազատումը

Քաղաքապետարանը մեկնաբանած է Փաշինեանի հետ վիճած բժշկուհիի աշխատանքէն ազատումը

Երեւանի քաղաքապետարանէն յայտնած են, որ բժշկուհի Արփինէ Սողոյեանի աշխատանքէն ազատումը կապուած է Առողջութեան պարտադիր ապահովագրութեան ներդրումէն ետք հաստիքներու կրճատման հետ։

Արփինէ Սողոյեանը մայիս 18-ին քարոզարշաւի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի հետ վէճի բռնուած կինն է։ Յուլիս 13-ին անոր դուստրը յայտնած էր, որ մայրն ազատուած է աշխատանքէն՝ հաստիքներու կրճատման հիմքով։

«ՍիվիլՆեթ»ի հարցմանն ի պատասխան՝ Քաղաքապետարանը պարզաբանած է, որ Առողջութեան պարտադիր ապահովագրութեան ներդրումէն ետք Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան առողջապահական հաստատութիւններու մէջ տեղի ունեցած են հաստիքներու կրճատումներ, այդ շարքին՝ կինաբուժներու։

«Յաւելեալ պահպանուած հաստիքները առաջացնում են լրացուցիչ ֆինանսական բեռ, այդ թւում՝ «բաժնի վարիչ» հասկացութիւնը, որը ֆինանսական փոխհատուցման ենթակայ չէ»,- նշած են քաղաքապետարանէն՝ շեշտելով, որ գործընթացը սկսած է այս տարուան յունուարէն։

Ըստ քաղաքապետարանի՝ բուժական գիծով փոխտնօրէններն ունակ են լուծելու բուժառուներու որեւէ հարց։