Միացեալ Նահանգները եւ Իրանը երրորդ գիշերն անընդմէջ հարուածներ փոխանակած են։ ԱՄՆ զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) յուլիս 14-ի վաղ առաւօտեան կատարած գրառմամբ յայտարարած է, որ աւարտած է շուրջ հինգ ժամ տեւած հարուածները։ CENTCOM-ը X-ի վրայ կատարած գրառման մէջ տեղեկացուցած է, որ հարուածներ հասցուցած է Պուշեհրի, Չահ Պահարի, Ճասքի, Քոնարաքի, Ապու Մուսայի եւ Պանտար Ապպասի մէջ գտնուող թիրախներուն։
Հրամանատարութիւնը նշած է, որ ճշգրիտ զինատեսակներով թիրախաւորուած են Իրանի ափամերձ պաշտպանական համակարգերը, հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու կայանները եւ ռազմածովային կարողութիւնները։
«Աւելի քան 50 հազար ամերիկացի զինծառայող ներկայիս տեղակայուած է Միջին Արեւելքի մէջ։ Ամերիկեան ուժերը կը շարունակեն մնալ զգօն, մարտունակ եւ պատրաստ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Իրանական լրատուամիջոցները եւս յայտնած են երկրի տարբեր շրջաններու վրայ ամերիկեան հարուածներու մասին։ Մասնաւորապէս, պայթումներ լսուած են Պուշեհրի մէջ, ուր կը գտնուի Իրանի գլխաւոր նաւահանգիստներէն մէկը։ Mehr գործակալութեան համաձայն՝ ամերիկեան արկերը հարուածած են նաեւ Խուզեստան նահանգի Օմիտիյէ քաղաքը։ Fars գործակալութիւնն ալ գրած է, որ պայթումներ լսուած են Քիշ, Ղեշմ եւ Ապու Մուսա կղզիներուն մէջ։ Շարք մը պայթումներ գրանցուած են նաեւ Պանտար Ապպասի մէջ։
Իրան, իր կարգին, պատասխան հարուածներ հասցուցած է տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն։ Fars գործակալութիւնը, վկայակոչելով Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի յայտարարութիւնը, գրած է, որ յուլիս 14-ին պալիսթիք հրթիռներով թիրախաւորուած է Յորդանանի մէջ ամերիկեան ուժերու օգտագործած օդուժի ռազմակայանը։ Յորդանան իր հերթին յայտարարած է, որ խոցած է Իրանէն արձակուած չորս հրթիռ, որոնք մուտք գործած էին երկրի օդային տարածք։
Գիշերուան ընթացքին երեք անգամ տագնապի ահազանգ հնչած է Պահրէյնի մէջ։ Ըստ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդին՝ հրթիռներով եւ անօդաչու սարքերով ոչնչացուած է Պահրէյնի մէջ տեղակայուած ԱՄՆ հինգերորդ նաւատորմի օդային վերահսկողութեան ռատարը։ Պահակագունդը նաեւ յայտնած է, որ իր ռազմածովային եւ օդատիեզերական ուժերը Պահրէյնի մէջ հարուածած են Patriot համակարգի ռատարը եւ C-RAM վաղ նախազգուշացման ռատարային համակարգը։
Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը աւելցուցած է, որ ոչնչացուած են նաեւ վառելիքի պահեստաւորման ամբարներ եւ անօդաչու նաւակներու կառավարման կեդրոն։ Թիրախաւորուած են նաեւ զէնքի պահեստներ, արբանեակային հաղորդակցութեան կեդրոն եւ Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի Ճուֆէյրի ռազմակայանը, ուր տեղակայուած են ամերիկեան ուժեր։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ալ յայտնած է, որ Իրանը Հորմուզի նեղուցին մէջ հարուածած է էմիրաթական երկու նաւթային լցանաւ, որու հետեւանքով զոհուած է անձնակազմի հնդիկ անդամներէն մէկը, իսկ եւս ութ հոգի վիրաւորուած է։ Վիրաւորներէն վեցը հնդիկ են, իսկ երկուքը՝ ուքրանացի։