Լուրը քաղած ենք «Ալ Նահար»էն
Միացեալ Նահանգներու Վիրճինիա նահանգի դաշնային դատարանը 30 տարուան բանտարկութեան դատապարտած է Պաշշար Ասատի ազգականներէն Անթուան Քասսիսը, որ կը նկատուի թմրանիւթերու միջազգային ցանցերուն մէջ ներգրաւուած գլխաւոր դէմքերէն մէկը։
Սուրիոյ լրատուական գործակալութեան՝ «ՍԱՆԱ»ի հաղորդմամբ, ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին վրայ յայտնած է, որ դատարանը Քասսիսի դէմ արձակած է երկու դատավճիռ. 30 տարուան ազատազրկում՝ ահաբեկչութեան հետ կապուած թմրանիւթերու յանցագործութիւններու համար, եւ 20 տարուան ազատազրկում՝ Քոլոմպիոյ «Ազգային ազատագրութեան բանակ» կոչուած եւ ԱՄՆ-ի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած խմբաւորումին աջակցելու մեղադրանքով։ Դատավճիռները պիտի գործադրուին միաժամանակ։
Ըստ գործի նիւթերուն եւ խոստովանութիւններուն, Քասսիս ներգրաւուած եղած է նաեւ սահմաններ հատող դրամի լուացման գործողութիւններու մէջ։ Ան անմիջականօրէն գործակցած է Մահեր Ասատի եւ նախկին վարչակարգի բարձրաստիճան զինուորականներու հետ՝ զէնքի եւ թմրանիւթերու մաքսանենգութեան գործարքներ իրականացնելու համար։
Դատարանին ներկայացուած փաստերուն համաձայն, Քասսիս՝ Պաշշար Ասատի մայրական կողմի ազգականը, կազմակերպած է շուրջ 14 միլիոն տոլարի արժողութեամբ գործարք մը՝ Քոլոմպիոյ «Ազգային ազատագրութեան բանակ» ահաբեկչական կազմակերպութենէն 500 քիլոկրամ քոքային մաքսանենգելու դիմաց, անոր հետ կապուած կողմերուն փոխանցելու համար նախկին վարչակարգի պահեստներէն առնուած ռազմական բնոյթի արդիական զէնքեր։ Ան նաեւ գործակցած է Քոլոմպիոյ եւ Մեքսիքայի մէջ գործող անհատներու եւ ցանցերու հետ՝ Սուրիայէն դուրս թմրանիւթերու եւ զէնքերու փոխադրութիւններ կազմակերպելու նպատակով։
ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան համաձայն, Քասսիս հանդիպումներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական ճանչցուած կազմակերպութիւններու հետ կապուած անձերու հետ, այցելած է շարք մը երկիրներ, ներառեալ Քենիա, եւ ստորագրած է առեւտրական պայմանագրեր՝ Լատին Ամերիկայէն բեռնարկղերու փոխադրման քողի տակ արգիլուած նիւթեր մաքսանենգելու համար։
Խոստովանութիւններուն համաձայն, Քասսիս անմիջականօրէն գործակցած է Մահեր Ասատի եւ նախկին վարչակարգի բարձրաստիճան զինուորականներու հետ՝ զէնքի եւ թմրանիւթերու մաքսանենգութեան գործարքները յաջողցնելու համար։ Ան նաեւ նախկին վարչակարգին վճարած է 10 հազար տոլար՝ Լաթաքիոյ նաւահանգիստով ներմուծուող քոքայինի իւրաքանչիւր քիլոկրամին դիմաց։
ՄԱԿ-ի Թմրանիւթերու եւ յանցագործութեան դէմ պայքարի գրասենեակի՝ 26 յունիս 2025-ին հրապարակած Թմրանիւթերու համաշխարհային զեկոյցին համաձայն, քափթակոնի առեւտուրը միլիառաւոր տոլարներ ապահոված է նախկին վարչակարգին՝ Սուրիոյ պատերազմական տարիներուն։ Միջազգային պատժամիջոցներն ու տնտեսական մեկուսացումը պատճառ դարձած էին, որ այդ վարչակարգը աճող կերպով ապաւինի ապօրինի եկամուտի աղբիւրներու։
Նշենք, որ անցեալ մարտին ԱՄՆ դաշնային դատարանի ժիւրին մեղաւոր ճանչցած էր նախկին սուրիական վարչակարգին հետ կապուած Անթուան Քասսիսը՝ թմրանիւթերու մաքսանենգութեան, դրամի լուացման եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու դաւադրութեան մեղադրանքներով։ Գործը բացայայտած էր նախկին վարչակարգի պատասխանատուներուն կապերը թմրանիւթերու եւ զէնքերու միջազգային ցանցի մը հետ։
Նախկին վարչակարգի անկումէն ետք Սուրիոյ կառավարութիւնը ձեռնարկած է շարք մը ապահովական եւ իրաւական քայլերու՝ քափթակոնի արտադրութեան եւ մաքսանենգութեան ցանցերը քանդելու եւ ներգրաւուած անձերը ձերբակալելու համար։ Այդ շրջանակին մէջ ձերբակալուած գլխաւոր անուններէն է նաեւ Վասիմ Ասատը, որ մեղադրուած է նախկին վարչակարգի օրօք սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործուած բազմաթիւ յանցագործութիւններու առնչութեամբ։