image

Իսրայէլ, Շոա եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բարոյական հարցը

Իսրայէլ, Շոա եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բարոյական հարցը

«Այդուհանդերձ, պէտք է նշել, որ Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հաւանական ճանաչումը պիտի ըլլար կարեւոր եւ արդար քայլ մը։ Այդպիսի որոշում մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի պատմական տառապանքի եւ ցաւի միջազգային ճանաչման համար եւ զօրաւոր պատգամ պիտի փոխանցէ՝ յանուն համամարդկային եւ վստահելի յիշողութեան մշակոյթի»։

Ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ յիշողութեան հարցը միայն պատմական խնդիր մը չէ, այլ նաեւ այսօրուան աշխարհի բարոյական պատասխանատուութեան չափանիշներէն մէկն է։ Այս մասին ուշագրաւ գրառում մը կատարած է Գերմանիոյ հայկական ն համայնքի եռանդուն գործիչներէն՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան՝ անդրադառնալով Իսրայէլի, Շոայի* եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նուրբ ու կարեւոր հարցերուն։

Ստորեւ Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանի գրառումը՝

Իսրայէլը, իբրեւ Շոայի վերապրողներու պետութիւն, ունի առանձնայատուկ պատմական նշանակութիւն։ Ահա թէ ինչու ցեղասպանութիւններու պատշաճ եւ ամբողջական ճանաչումը էական կարեւորութիւն ունի եւ պէտք չէ մակերեսային ձեւով արծարծուի, օրինակ՝ հեռատեսիլի յայտագիրներու մէջ։ Այս առումով Իսրայէլ ունի յատուկ դիրք։

Բացի այդ, Շոայի եւ ցեղասպանագիտական ուսումնասիրութիւններու ոլորտին մէջ գործող բազմաթիւ ճանչցուած հետազօտողներ հրէական ծագում ունին։ Այս առումով, կը կարծեմ, որ եւրոպական լրատուամիջոցներուն մէջ բաց եւ կառուցողական բանավէճը անհրաժեշտ է եւ այժմէական։

Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ դիրքորոշումներուն առումով կարելի է, ընդհանուր գիծերով, հրեայ եւ միջազգային խօսոյթին մէջ զանազանել երկու հոսանք։

Մէկ կողմէ կան մարդասիրական ուղղուածութիւն ունեցող հետազօտողներ եւ քաղաքական գործիչներ, որոնք խորապէս զգայուն են բոլոր ժողովուրդներու տառապանքին հանդէպ եւ յանձնառու են ճանաչման ու յիշողութեան պահպանման աշխատանքին։

Միւս կողմէ կան դիրքորոշումներ, որոնք Շոան կը դիտեն իբրեւ եզակի իրադարձութիւն եւ այդ պատճառով ալ կը մերժեն համեմատութիւնները կամ համարժէքացումները։ Այս տեսակէտը մաս կը կազմէ աւելի լայն գիտական եւ հասարակական բանավէճի մը։

Միւս կողմէ հարց կը ծագի նաեւ Բենիամին Նաթանիահուի գլխաւորած Իսրայէլի ներկայ քաղաքականութեան մասին։ Ինչպէս որեւէ ժողովրդավար հասարակութեան մէջ, Իսրայէլի մէջ եւս կան տարբեր հոսանքներ՝ մէկ կողմէ ազատական եւ խաղաղասէր ուժեր, միւս կողմէ՝ պահպանողական, ազգայնական եւ կրօնական ուժեր։ Քաղաքական որոշումները, յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան առումով, յաճախ վիճայարոյց են եւ քննադատութեան կ՚ենթարկուին թէ՛ Իսրայէլի ներսը, թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ։

Միաժամանակ կարեւոր է զատորոշել պետութեան քաղաքականութիւնը հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող մարդոց եւ կարծիքներու բազմազանութենէն։ Ընդհանրացումները չեն օգներ։ Նրբանկատ, յարգալից եւ պատասխանատու բանավէճը կրնայ նպաստել փոխադարձ ըմբռնումի խորացման եւ պատմական պատասխանատուութեան գիտակցութեան ամրապնդման։

Գլխաւորը պէտք է ըլլայ բոլոր բռնութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու զոհերուն տառապանքին ճանաչումը՝ առանց յիշողութեան մրցակցութեան կամ պատմական ցաւերու նուազեցման վտանգին մէջ իյնալու։ Յիշողութեան մշակոյթը կրնայ վստահելի ըլլալ միայն այն ատեն, երբ կը մնայ համամարդկային եւ մարդասիրական։

Բենիամին աեթանիահուի քաղաքականութիւնը այսօր լայնօրէն կը քննադատուի միջազգային մակարդակի վրայ եւ բուռն բանավէճերու պատճառ կը դառնայ։ Յատկապէս Կազայի եւ Հարաւային Լիբանանի հակամարտութիւններու ծիրին մէջ մարդասիրական խնդիրները եւ քաղաքական որոշում կայացնողներու պատասխանատուութիւնը կը մնան վիճայարոյց։ Այս պայմաններուն մէջ բազմաթիւ դիտորդներ ներկայ կառավարութիւնը չեն նկատեր բարոյական հեղինակութիւն ունեցող քաղաքական հիմնաւոր մարմին։

Այդուհանդերձ, պէտք է նշել, որ Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան հաւանական ճանաչումը պիտի ըլլար կարեւոր եւ արդար քայլ մը։ Այդպիսի որոշում մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի պատմական տառապանքի եւ ցաւի միջազգային ճանաչման համար եւ զօրաւոր պատգամ պիտի փոխանցէ՝ յանուն համամարդկային եւ վստահելի յիշողութեան մշակոյթի»։

 

*Շոա բառը եբրայերէն է եւ կը նշանակէ՝ աղէտ, կործանում, մեծ աւեր։

Պատմական իմաստով Շոա կը կոչուի հրեայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը՝ Նացի Գերմանիոյ կողմէ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն իրականացուած զանգուածային բնաջնջման քաղաքականութիւնը։