«Ալ Շարք Ալ-Աուսաթ» կայքէն կը կարդանք, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրարշաւը արդէն իսկ սկիզբ առած է, չնայած անոր որ ընտրութիւններուն դեռ 9 ամիս։
Աղբիւրը նշած է, թէ 9 ամիս ետք տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլը, որուն պիտի յաջորդէ երկու շաբաթ ետք երկրորդ հանգրուանը, եւ ի վերջոյ պիտի վճռուի գործող նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնի իշխանութեան վրայ մնալու կամ պաշտօնէն հեռանալու հարցը։ Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ վերջերս Ֆրանսայի մէջ կայացուած Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններու արդիւնքները (տեղի ունեցած 20 եւ 27 յունիսին), համարուեցան անակնկալ մասնաւորապէս Մաքրոնի գլխաւորած «Յառաջ Հանրապետութիւն» կուսակցութեան համար։:
Ըստ վերջին վիճակագրութեան, որ կայացուցած է «Պի Էֆ Էմ» լրատուական հեռատեսիլային կայանը, նախագահական ընտրութիւններու առաջին հանգրուանին, Մաքրոն եւ Լը Փեն մեծ առիթ ունին գրաւելու առաջին դիրքերը եւ մրցակցելու երկրորդ հանգրուանի ընթացքին: Վիճակագրութեան համաձայն՝ Մաքրոն 20 կէտի առաւելութիւն ունի, ան հաւանակութիւն ունի հաւաքելու քուէներու 60 տոկոսը, իսկ Լը Փեն՝ 40 տոկոսը:
Ըստ աղբիւրին, ակնյայտ է, որ Մաքրոն, Լը Փենին մէջ կը տեսնէ «յարմար» մրցակից մը, որովհետեւ, ըստ վիճակագրութեանց, Ֆրանսայի ժողովուրդը տակաւին պատրաստ չէ ընտրելու ծայրայեղ աջակողմեան նախագահ մը։
Սակայն դասական աջակողմեան կուսակցութեան թեկնածու՝ նախկին նախարար՝ Խաւիէր Պերթրանտ, որ վիճակագրութեան ընթացքին ստացած է 18 տոկոս, եւ որ կը վայելէ ժողովրդականութիւն եւ հաւաստիութիւն, որոշ բախտով մը կրնայ շրջել ընտրութիւններու ընթացքը։ Ան կրնայ խլել նաեւ հիասթափուած ժողովուրդի քուէները, որոնք այլեւս ձանձրացած են թէ՛ իշխանական կուսակցութենէն եւ թէ՛ ընդդիմադիրներէն:
Աղբիւրը նշած է, թէ աջակողմեանին մէջ ներքին պայքար կայ: Բացի Պերթրանտէն, կան 4 թեկնածուներ առաջադրուած ներկայացնելու աջակողմեանը նախագահական ընտրութիւններուն:
Նոյն անհամաձայնութիւնը կայ նաեւ ձախակողմեան կուսակցութիւններուն մէջ: Նախագահ՝ Ֆրանսուա Միթերան, 1981-ին յաջողած էր միացնել ձախակողմեան կուսակցութիւնները եւ ներկայացնել մէկ ծրագիր, սակայն անկէ ետք եւ մինչեւ օրս, անոնք երբեք չեն կրցած համերաշխօրէն համախմբուիլ, եւ ի վերջոյ որոշել, թէ ով պէտք է ստանձնէ երկրի կառավարումը:
Այս բոլորը հաշուի առնելով պարզ կը դառնայ, որ յառաջիկայի պայքարը պիտի ըլլայ գործող նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնի եւ ընդդիմադիր գործիչ՝Մարին Լը Փէնի միջեւ, որ բուռն պայքար մը ըլլալու բոլոր տուեալները ունի։