Միայն ռազմական ուժով կարելի չէ երաշխաւորել երկարատեւ կայունութիւն, որուն կարելի է հասնիլ միայն բանակցութիւններու միջոցով։ Այս մասին գրած է Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն՝ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին կոչ ընելով փոխելու Միջին Արեւելքի կարգաւորման հարցի վերաբերեալ որդեգրած յարձակողապաշտ մօտեցումը։
Քաղաքական գործիչի խօսքով՝ պատերազմները կը բերեն մահ, աւերածութիւն եւ բնակչութեան տեղահանում։
«Խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մասին խօսելով՝ անկարելի է հաւատարիմ մնալ յարձակողապաշտ մօտեցման», ընդգծած է ան։
Աուն յոյս յայտնած է, որ յուլիս 14-ին Հռոմի մէջ սկսած Իսրայէլի հետ երկկողմ բանակցութիւններու վեցերորդ փուլը պիտի յանգի գործնական արդիւնքներու, որոնք պիտի արտայայտուին Լիբանանի հարաւէն բռնագրաւող ուժերու դուրսբերման սկիզբով։ Ինչպէս նախագահը նշած է, լիբանանցիներուն նպատակները յստակ են՝ իրենց տարածքի ամբողջական ազատագրումը, ռազմական գործողութիւններէն տուժած շրջաններու վերականգնումը եւ խաղաղ բնակիչներու վերադարձը այդ շրջաններ։
Յիշեցնենք, որ յունիս 26-ին Լիբանանն ու Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգներու հովանիի տակ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններու հինգ փուլերէ ետք, ստորագրեցին շրջանակային համաձայնագիր, որուն համաձայն՝ Լիբանանի զինուած ուժերը պէտք է աստիճանաբար վերականգնեն երկրի ամբողջ տարածքին վրայ իրենց արդիւնաւէտ ինքնիշխան վերահսկողութիւնը։