Հայաստանի մէջ ծնելիութեան ցուցանիշերը կը շարունակեն նուազիլ։ 2025 թուականին հանրապետութեան մէջ գրանցուած է 32 հազար 42 ծնունդ՝ 2024 թուականի 33 հազար 593-ի եւ 2023 թուականի 36 հազար 590-ի դիմաց։
ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարին կից հասարակական խորհուրդի նիստին այս մասին ահազանգած է նախարար Արսէն Թորոսեանը։
Նախարարի խօսքով՝ կը նուազի նաեւ պտղաբերութեան գործակիցը՝ մէկ վերարտադրողական տարիքի կնոջ հաշուով ծնող երեխաներու միջին թիւը։
«Ծնելիութեան անկումը շարունակւում է։ Նուազում է նաեւ պտղաբերութեան ցուցանիշը, այսինքն՝ մէկ վերարտադրողական տարիքի կնոջ հաշուով ծնուող երեխաների թիւը։ Կան գործօններ, օրինակ՝ ամուսնութեան տարիքը, որոնք պետութիւնը չի կարող ուղղակիօրէն փոխել, սակայն, եթէ պտղաբերութեան ցուցանիշն աւելի նուազի, դա ցանկացած երկրի համար լուրջ խնդիր կը լինի»,-ըսած է Թորոսեանը։
Թորոսեանն ընդգծած է, որ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է փոխել հանրային մտածողութիւնը եւ պետական աջակցութեան ծրագիրերու միջոցով խրախուսել ծնելիութեան աճը։
«Պէտք է մտածողութեան փոփոխութեան եւ պետական ծրագրերի միջոցով փորձենք փոխել այս իրավիճակը»,- նշած է նախարարը։