image

Հուսիները հրթիռներ արձակած են Սէուտական Արաբիոյ ուղղութեամբ

Հուսիները հրթիռներ արձակած են Սէուտական Արաբիոյ ուղղութեամբ

Եմէնի հուսիները յուլիս 13-ին հրթիռներ արձակած են դէպի Սէուտական Արաբիա՝ մեղադրելով թագաւորութիւնը Սանայի միջազգային օդակայանը հարուածելու մէջ, եւ՝ խոստանալէ ետք պատասխան հարուած տալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը։

Եմէնի մէջ գործող Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած ռազմական դաշինքի բանբերը X-ի վրայ գրած է, որ արձակուած հրթիռները խոցուած են։ Անոր համաձայն՝ ատոնք արձակուած են «ահաբեկչական հուսի աշխարհազօրայիններու կողմէ՝ հարաւային շրջաններու ուղղութեամբ»։

Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսիներու ռազմական բանբեր Եահիա Սարին յայտարարած է, որ իրենք թիրախաւորած են Սէուտական Արաբիոյ Ապհայի միջազգային օդակայանը։ Ապհան Եմէնի սահմանակից լեռնային հարաւային շրջանի մայրաքաղաքն է։

Ասոնք Սէուտական Արաբիոյ դէմ առաջին հարուածներն են, որոնց պատասխանատուութիւնը հուsիները կը ստանձնեն 2022-ի մարտին թագաւորութեան ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն դէմ կատարուած յարձակումներէն ետք հաստատուած ոչ պաշտօնական զինադադարէն ի վեր։

Եմէնի հիւսիսային շրջանները վերահսկող հուսիները յուլիս 13-ին մեղադրած էին Սէուտական Արաբիան Սանայի միջազգային օդակայանին դէմ օդային հարուածներ իրականացնելու համար։ Եահիա Սարին յայտարարած էր, որ Սէուտական Արաբիան պիտի կրէ հետեւանքները, եւ որ յարձակումը անպատասխան պիտի չմնայ։

Միեւնոյն ժամանակ, յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է երկրի հարաւը վերահսկող, միջազգայնօրէն ճանաչուած Եմէնի կառավարութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ զինուած ուժերը թիրախաւորած են Սանայի միջազգային օդակայանի թռիչքուղին՝ իրանական օդանաւի վայրէջքը կանխարգիլելու նպատակով։

Եմէնը աւելի քան տասը տարի է կը դիմագրաւէ քաղաքացիական պատերազմ։ Հուսիները գրաւած են մայրաքաղաքը եւ ստիպած՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած կառավարութեան տեղափոխուիլ երկրի հարաւ։ Ատենի հարաւային նաւահանգիստէն գործող կառավարութիւնը կը վայելէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Պարսից ծոցի այլ երկիրներու աջակցութիւնը։