Այսօր առաւօտէն Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի յայտարարութենէն ետք լարուած իրավիճակ է խորհրդարանի մուտքերու դիմաց: Ոստիկանութիւնը սկիզբը արգիլած էր ընդդիմադիր պատգամաւորներուն եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն մուտք գործել խորհրդարան: Աւելի ուշ վերջիններս յաջողած են մտնել նիստերու դահլիճ:
Ընդդիմադիր պատգամաւորները գրաւած են խորհրդարանի նախագահի աթոռը եւ յայտարարած, որ թոյլ պիտի չտան խորհրդարանը շարունակէ աշխատանքը, քանի դեռ վարչապետը հրաժարական չէ տուած:
Այս ամէնէն ետք սկսած են բախումներ իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամներու միջեւ, որ վերածուած է ծեծկռտուքի, հարուածներ ստացած են նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ կառավարութեան այսօրուան նիստին Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին անդրադարձած էր երէկ Թիֆլիսի մէջ կայացած բողոքի ցոյցերուն, որոնց ընթացքին ցուցարարները կը պահանջէին վարչապետի հրաժարականը: Ան յայտարարած է, որ չի պատրաստուիր հրաժարական տալ, իսկ երկրին մէջ տեղի ունեցող անկարգութիւններու մեղաւորը Վրաստանի նախկին վարչապետ Միխայիլ Սահակաշվիլին է ու անոր աջակիցները: