Արձակուրդի համար սկսած ճամբորդութիւն մը երբեմն կրնայ անսպասելիօրէն վերածուիլ ծանր փորձութեան։ Այդպիսի մեծ փորձառութենէ մը անցած է արմատներով լիբանանահայ եւ երկար տարիներէ ի վեր Գերմանիա հաստատուած Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանը, որ Թունուզի մէջ իր արձակուրդին ընթացքին ծանր արկածի մը հետեւանքով ենթարկուած է վիրահատութեան։
Տօքթ. Պետիկեան, ապաքինման այս հանգրուանին, սրտաբուխ գրառում մը կատարած է՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իր կնոջ, բժիշկներուն, բուժանձնակազմին, բարեկամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք այդ դժուար օրերուն կանգնած են իր կողքին։
Ստորեւ՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանի գրառումը.
Արեւով, թեթեւութեամբ եւ հանգիստով լեցուն արձակուրդ մը պէտք էր ըլլար. պահ մը՝ առօրեայ կեանքէն կտրուելու եւ ուժերը վերագտնելու համար։ Բայց յանկարծ այդ ճամբորդութիւնը վերածուեցաւ մղձաւանջի մը, որ ամէն ինչ գլխիվայր շրջեց։
29 ՄայիսԻՆ կնոջս հետ մեկնեցայ Թունուզ՝ մեծ խանդավառութեամբ, քանի մը խաղաղ օր անցընելու համար։ Սակայն Երեքշաբթի, 2 Յունիսին պատահեցաւ անսպասելին. լողաւազանի «պարի»ն մօտ սահեցայ եւ ձախ ազդրոսկրիս ծանր կոտրուածք ունեցայ։ Մէկ ակնթարթի մէջ ամէն ինչ փոխուեցաւ։
Յաջորդ օրն իսկ վիրահատուեցայ մասնաւոր հիւանդանոցի մը մէջ՝ օտար երկրի մը մէջ, տունէն հեռու, անծանօթ միջավայրի, մտահոգութիւններու եւ անորոշութեան մէջ։ Այդ դժուար պահուն մեծ բախտ ունեցայ. վիրահատութիւնը կատարեց Տոքթ. Անիս Ժրիպի, եւ անիկա յաջող ընթացաւ։ Այսօր, ետ նայելով, խորապէս շնորհակալ եմ, որ ինկած էի անոր փորձառու եւ մարդասէր ձեռքերուն մէջ։
10 Յունիսին, ADAC-ի աջակցութեամբ, կրցայ վերադառնալ Գերմանիա։ Այստեղ հիմա քայլ առ քայլ կը շարունակեմ ապաքինման ճամբաս՝ «ֆիզիոթերափի»ի եւ վերականգնողական բուժումի շնորհիւ։
Սրտիս խորքէն կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել կնոջս՝ Անի Պետիկեանին։ Այդ դժուար օրերուն ու գիշերներուն ան անխոնջ կերպով կողքս մնաց, զիս քաջալերեց, զօրավիգ կանգնեցաւ եւ շրջապատեց անսահման սիրով ու համբերութեամբ։ Առանց իրեն՝ այս փորձութիւնը յաղթահարելը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլար։
Ամենախորին շնորհակալութիւնս նաեւ Տոքթ. Անիս Ժրիպիին՝ ոչ միայն իր բացառիկ վիրաբուժական կարողութեան, այլեւ իր մարդկայնութեան, կարեկցութեան եւ ազնուութեան համար։ Ես միշտ երախտապարտ պիտի մնամ իրեն։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Mahdia Clinic of Excellence-ի բժիշկներուն եւ բուժանձնակազմին։ Անոնց մարդկային ջերմութիւնը, ուշադրութիւնն ու հասանելիութիւնը մխիթարութիւն բերին ինծի այդ բացառիկ կացութեան մէջ եւ զգացնել չտուին, որ մինակ եմ։
Մեծ շնորհակալութիւն նաեւ Տոքթ. Մուֆֆաք Ալրիֆայիին՝ Տուիզպուրկի մէջ, որ ցանկացած պահու, նոյնիսկ իր սովորական աշխատանքային ժամերէն դուրս, խորհուրդ տուաւ ինծի եւ հոգ տարաւ բուժումիս շարունակութեան։ Իր հասանելիութիւնն ու նուիրումը մեծ նշանակութիւն ունեցան ինծի համար։
Կ՚ուզեմ ջերմագին շնորհակալութիւնս յայտնել նաեւ Ժերպի ընտանիքին եւ տեղւոյն մեր բարեկամներուն, որոնք իրենց կարելին ըրին մեզի աջակցելու համար այս դժուար իրավիճակին մէջ։ Անոնց օգնութիւնն ու մարդկայնութիւնը միշտ պիտի մնան յիշողութեանս մէջ։
Ի վերջոյ, խորին շնորհակալութիւնս բոլոր ընկերներուս, բարեկամներուս եւ հարազատներուս՝ աշխարհի զանազան կողմերէն, Պէյրութէն ու Լիբանանէն մինչեւ Լոս Անճելըս։ Ձեր հեռաձայնները, պատգամները, մխիթարական խօսքերն ու աջակցութիւնը ուժ տուին ինծի եւ զիս պահեցին այս փորձութեան ընթացքին։
Անգնահատելի պարգեւ է կեանքին մէջ ունենալ մարդիկ, որոնց վրայ կարելի է վստահիլ։
