Սփիւռքահայ մշակութային կեանքը ծանր կորուստ մը արձանագրեց։ ԱՄՆ-ի մէջ, ծանր հիւանդութենէ ետք, իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ երգչուհի, պարուսոյց եւ «Maggie Tune» մանկական երաժշտական խումբի հիմնադիր Մակի Իսթիլեան՝ խոր ցաւ պատճառելով զինք ճանչցողներուն, իր սաներուն եւ հայկական համայնքներուն։
ԱՄՆ-ի մէջ, ծանր հիւանդութենէ ետք, կեանքէն հեռացաւ լիբանանահայ երգչուհի, պարուսոյց, ինչպէս նաեւ «Maggie Tune» մանկական երաժշտական խումբի հիմնադիր եւ ղեկավար Մակի Իսթիլեան։
«Արեւելք»-ի աղբիւրներուն փոխանցմամբ՝ երիտասարդ արուեստագիտուհին իր մահկանացուն կնքեց երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ ետք։
Մակի Իսթիլեան ծնած էր Պէյրութի մէջ։ Ան աշխուժ մասնակցութիւն բերած էր լիբանանահայ ազգային կառոյցներու աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ իր ներկայութիւնը ունեցած էր ՀՅԴ միութենական կեանքին մէջ։
Հետագային հաստատուելով ԱՄՆ-ի մէջ՝ ան հիմնեց «Maggie Tune» մանկական երգերու կրթական ծրագիրը, որուն նպատակն էր սփիւռքահայ երեխաներուն մօտ կենդանի պահել արեւմտահայերէնը, զայն սիրելի դարձնել երգի, երաժշտութեան եւ բեմական ներկայացումներու միջոցով։
Մագի Իսթիլեան մանկական ներկայացումներով եւ համերգներով հանդէս կու գար տարբեր հայկական համայնքներու մէջ՝ իր արուեստով եւ նուիրումով ծառայելով հայ մանուկներու լեզուական ու մշակութային դաստիարակութեան։
Ան ամուսնացած էր Պարգեւ Ճարլըքեանի հետ։ Զոյգը ունի հինգ տարեկան որդի։