Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ աղօթական եւ հոգեւոր ջերմ մթնոլորտով եզրափակուեցաւ Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած եռօրեայ ջերմեռանդութիւնը։ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի մատուցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, յաւուր պատշաճի պատգամով, աւանդական թափօրով եւ հաւատացեալներու միասնական ներկայութեամբ օրը վերածուեցաւ Քրիստոսի խոցուած Սրտէն բխող ողորմած սիրոյն վկայութեան։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը, որ հրապարակուած է Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջին։
«Իմ խոցուած սրտէս կը բխի Աստուծոյ ողորմած սէրը՝ ի սէր մարդոց»։
Երեքշաբթի 30 Յունիս 2026 թուականին, Սրբոցն հայրապետացն՝ որդւոց եւ թոռանց սրբոյն Գրիգորի մերոյ Լուսաւորչին՝ Արիստակիսի, Վրթանիսի, Յուսկան, Գրիգորիսի եւ Դանիէլի, Երկոյեան ժամը 6։00-ին, Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Եռօրեայ Սիրտ Յիսուսի Ջերմեռանդութեան պաշտօնական Փակումը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:
Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք, յաւուր պատշաճի պատգամը փոխանցեց՝ Հոգեշնորհ Հայր Գառնիկը։ «Հայր Սուրբը ըսաւ․ Քրիստոնեայ Կաթողիկէ աշխարհի մէջ ամենատարածուած ջերմեռանդութիւնններէն մէկը Յիսուսի Սուրբ Սրտին ջերմեռանդութիւնն է։
Եկեղեցին զայն օժտած է առանձնայատուկ արժանապատուութեամբ՝ զայն դնելով քրիստոնէական յայտնութեան կենդրոնին մէջ։ Իրապէս, ան կը ներկայացնէ մեր փրկութեան պատմութիւնը հասկնալու համար պարզ, բայց խորունկ ճշմարտութիւն մը։
Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած «Բարեպաշտական Գործունէութիւն»ը մեծ ծաղկումը սկսաւ Սրբուհի Մարգարիտ Մարիա Ալաքոքի (1647–1690)՝ միանձնուհիին շնորհիւ, իր անձնական յայտնութիւններով տարածուեցաւ այս պաշտամունքը աշխարհիս չորս կողմերը։
Սրբուհի Մարգարիտ Ալաքոքի յայտնուելով՝ Յիսուս խոստացաւ Իր շնորհքները առատօրէն պարգեւել բոլոր անոնց, որոնք պիտի խրախուսեն եւ գործադրեն այս սիրալիր ջերմեռանդութիւնը։
Յիսուս տասնեօթը տարիներ շարունակ կը յայտնուէր Սրբուհի Մարգարիտ Ալաքոքին՝ մինչեւ իսկ իր մահուան օրը, երբ կրկին եկաւ անոր ձեռքը բռնելու։ Ան զինք կոչեց Իր «Սիրելի Աշակերտուհին» եւ հաղորդակից դարձուց Իր Սուրբ Սրտի գաղտնիքներուն ու աստուածային սիրոյ գիտութեան։
Յիսուս նաեւ մեծ խոստում մը տուաւ անոր. ոեւէ մէկը, որ ինը ամիս շարունակ, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին ուրբաթ օրը, Սուրբ Հաղորդութիւն ընդունի, պիտի արժանանայ վերջնական ապաշխարութեան շնորհքին, այսինքն՝ պիտի մահանայ Սուրբ Խորհուրդները ստացած եւ մեղքերէն մաքրուած։
Յիսուս ըսաւ անոր. «Իմ Աստուածային Սիրտս այնքան բորբոքուած է մարդկութեան հանդէպ, եւ մասնաւորաբար քու հանդէպ սիրով, որ այլեւս չի կրնար Իր մէջ բովանդակել Իր բոցավառ սիրոյ կրակը։ Ան պէտք ունի զայն քու միջոցաւ տարածելու եւ մարդոց յայտնելու՝ հարստացնելու համար զանոնք այն թանկագին գանձերով, զոր քեզի պիտի յայտնեմ։
Անոնք կը պարունակեն սրբութեան եւ փրկութեան այն շնորհքները, որոնք անհրաժեշտ են մարդոց անդունդէն եւ կորստեան ճամբայէն ետ դարձնելու համար։ Այս ծրագիրը իրականացնելու համար քեզ ընտրեցի՝ անարժանութեան եւ անգիտութեան խորքէն, որպէսզի բոլորին յայտնի ըլլայ, թէ ամէն ինչ Իմ գործս է»։
Սրբուհի Մարգարիտ Ալաքոքը մահացաւ 1690 թուականի Հոկտեմբեր 17-ին։ Ան երանացաւ 1864 թուականին՝ Պիոս Իններորդ Պապին կողմէ, իսկ 1920 թուականին Բենեդիկտոս Տասնհինգերորդ Պապը զինք սրբադասեց։
Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Քահանայապետը, որ անմիջապէս յաջորդեց Պիոս Թ․ Պապին, յատկապէս խրախուսեց Յիսուսի Սուրբ Սրտին ջերմեռանդութիւնը՝ հաստատելով պաշտամունքն ու տօնակատարութիւնը։
Ան իր քահանայապետութեան մեծագոյն եւ նշանակալից գործերէն մէկը նկատեց ամբողջ մարդկութիւնը Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտին նուիրելը, որ հանդիսաւոր կերպով կատարուեցաւ 1899 թուականի Յունիս 11-ին։
«Եթէ կ'ուզենք գիտնալ, թէ ո՛վ է Աստուած, պէտք է ծնրադրենք Խաչին ստորոտը» (Մոլթման)։ Եթէ կ'ուզենք գիտնալ, թէ ի՛նչ է սէրը, պէտք է ծնրադրենք Խաչին ստորոտը։ Հէնց հոն է, որ Յիսուսի Սուրբ Սրտին այս հանդիսաւոր տօնը մեզ կը հրաւիրէ կանգ առնելու։ Հոն կը խորհրդածենք Քրիստոսի սիրոյ անսահմանութեան մասին։
«Նայեցէ՛ք իմ բաց սրտիս։ Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս սիրեցի ձեզ մինչեւ վերջ։ Վստահ եղէ՛ք. Ես կը շարունակեմ ներկայ ըլլալ ձեր մէջ։ Իմ խոցուած սիրտս յաւիտեան բաց պիտի մնայ բոլոր ժամանակներու բոլոր այրերուն եւ կիներուն համար։ Սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս Ես սիրեցի ձեզ»։
Այսօր, երբ կը հասնինք այս գեղեցիկ տօնակատարութեան՝ Նուիրական Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութեան աւարտին, գոհունակ սրտով մեր հայեացքը կը բարձրացնենք դէպի մեր Տէրը, որ Իր անսահման սիրով միշտ կ՛առաջնորդէ, կը զօրացնէ ու կը պահպանէ մեզ։
Թող Յիսուսի Սուրբ Սիրտը միշտ բնակութիւն հաստատէ մեր սրտերուն մէջ, զօրացնէ մեր հաւատքը, բազմապատկէ մեր սէրը միմեանց նկատմամբ եւ առաջնորդէ մեզ դէպի խաղաղութեան, ներողամտութեան եւ ծառայութեան կեանք։
Թող այսօրուան մեր աղօթքն ու միասնական ներկայութիւնը շարունակեն պտուղ տալ մեր ընտանիքներուն, մեր համայնքին եւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ։
Միեւնոյն ատեն, սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր Տիկնանց Միութեան բոլոր անդամներուն, որոնք սիրով եւ նուիրումով կազմակերպեցին այսօրուայ կոկիկ եւ գեղեցիկ հիւրասիրութիւնը։
Ձեր պատրաստակամ ծառայութիւնը, հոգատարութիւնը եւ նուիրումը վկայութիւն են համայնքին հանդէպ ձեր սիրոյն եւ պատասխանատուութեան։
Աստուած թող առատօրէն օրհնէ ձեր աշխատանքները, ձեր ընտանիքները եւ ձեր բոլոր բարի ձեռնարկները, եւ բազմապատիկ հատուցէ ձեր իւրաքանչիւր զոհողութիւնը։
Շնորհակալութիւն նաեւ բոլորիդ՝ ձեր ներկայութեան, աղօթքին եւ հաւատքի վկայութեան համար։
Թող բոլորս վերադառնանք մեր տուները՝ Յիսուսի Սուրբ Սրտին սիրով լեցուած, խաղաղութեամբ զօրացած եւ նորոգուած հաւատքով։
Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորիդ։ Ամէն»։
Սուրբ զոհէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, տեղի ունեցաւ աւանդական թափօրը Սիրտ Յիսուսի արձանով ու ապա յաջորդեց կոկիկ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած մեր եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան կողմէ։
Քեսապ՝ 30 Յունիս 2026թ․
Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան
Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն



