Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը չի բացառեր, որ «Պիրվելի» հեռուստաընկերութեան նկարիչ, դաժանաբար ծեծուած Լեքսո Լաշքարաւայի մահուան պատճառը կրնայ ըլլալ թմրանիւթը։
Ինչպէս կը հաղորդէ Aliq Media-ն, այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Վրաստանի քրէական ոստիկանութեան պետ Մամուքա Ճելիձէն: Ըստ անոր` թմրանիւթի վարկածը կը քննարկուի: Ճելիձէն բազմիցս շեշտած է, որ ընտանիքի եւ հանգուցեալի շահերէն ելլելով` այս փուլին ՆԳՆ-ն զերծ կը մնայ նախնական վարկածներ հնչեցնելէ: Միեւնոյն ժամանակ, ան ուղղակիօրէն ակնարկած է, որ թմրանիւթի բարձր չափաբաժինի վարկածը առաջնահերթութիւն է հետաքննութեան համար:
Թիֆլիսի տարբեր վայրերու մէջ տեղադրուած տեսախցիկներու տեսանիւթեր կան, որոնց մէջ Լաշքարաւան ընկերոջ հետ է: Երիտասարդները շարժակաւոր հեծելանիւով են:
Ըստ ՆԳՆ-ի` քատրերն նկարուած են նկարիչի մահուան նախորդ օրը: Լաշքարաւան ու ընկերը այցելած են Սապուրթալոյի տարածք, ինչպէս նաեւ երկու անգամ եղած են ծայրամասային Փոնիճալայի մէջ, որ կը համարուի Վրաստանին ծանր թմրանիւթերու մատակարարման հիմնական ալիքը:
Մահուան իրական պատճառները պարզելու համար նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն, որուն մէջ ներգրաւուած է ընտանիքի կողմէ ընտրուած անկախ փորձագէտ: