Անծանօթ զինեալներ կրակ բանալով սպաննած են Հայիթիի նախագահ Ժովինիլ Մոյսը ՝ նախագահական պալատին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Sky News Arabya կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ տեղեկութիւնը հաստատուած է երկրի ժամանակաւոր վարչապետ Քլոտ Ժոզէֆին կողմէ, որ նաեւ յայտնած է, թէ պետական մարմիններ հանդարտութեան կոչ ըրած են եւ քաղաքացիներէն խնդրած պահպանել հանդարտութիւնը։
Նաեւ ըսած է, որ երկրի ապահովական իրադրութիւնը վերահսկողութեան տակ է։
Նշենք, որ Հայիթին տնտեսական-քաղաքական լուրջ խնդիրներու առջեւ է եւ կը համարուի Ամերիկեան մայրցամաքի ամէնէն աղքատ տէրութիւնը։